Պալոթելլի Երեք Մրցումով Կախակայուեցաւ

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան պատժական յանձնախումբին կողմէ երեք մրցումով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան նախորդ շաբաթավերջին Ֆիորենթինայի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք (2-2), երբ դուրս կ՛ելլէր դաշտէն, անարգական խօսքեր ըսաւ մրցումին չորրորդ իրաւարարին:

Ցարդ յստակ չէ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ, որ ան իր դժգոհութիւնը արտայայտեց այդ ձեւով:

Ան պիտի բացակայի կարեւոր երկու ճակատումներէ, առաջինը 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Նափոլիի դէմ, ապա` պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Եուվենթուսի դէմ:

Share this Article
CATEGORIES