Միացեալ Նահանգներ Եւ Հիւսիսային Քորէա Մարտին Գաղտնի Խորհրդակցութիւն Ունեցած Են
Pravda.ru` յղում կատարելով «Տը Քէյպըլ» օրաթերթին, որ իր կարգին կը վկայակոչէ դիւանագիտական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Քլիֆըրտ Հարթ եւ ՄԱԿ-ի մէջ Հիւսիսային Քորէայի դեսպան Հան Սոնկ Ռեր մարտին գաղտնի հանդիպում ունեցած են, երբ Փիոնկեանկ սկսած էր քորէական թերակղզիին վրայ իրավիճակը սրել:
Հանդիպումը կայացած է մարտի կիսուն եւ, ինչպէս դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ կը կոչեն` «Նիւեորքեան ալիքով», ինչ որ քիչ թէ շատ յարմար ձեւ է Ուաշինկթընի եւ Փիոնկեանկի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններ իրականացնելու:
Օրաթերթին տուեալներով, բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք չեն տուած: Ուաշինկթըն պարզապէս խնդրած է փոխանցել իր առաջարկը` հրաժարիլ սադրանքներէն, վերադառնալ բանակցութեան սեղան եւ կատարել միջազգային պատժամիջոցներու պահանջները: Հան Սոնկ Ռեր խոստացած է տեղեկութիւնը փոխանցել իր ղեկավարութեան:
Ըստ փորձագէտներու, այդ հանդիպումը կը խորհրդանշէ այն փակուղին, ուր յայտնուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը այդ հարցը լուծելու համար: «Դժբախտաբար, նիւեորքեան ալիքը, որ առաջ կարեւոր պատմական կապ էր Ուաշինկթընի եւ Փիոնկեանկի միջեւ, վերածուած է սովորամոլական արտայայտութիւններ փոխանակելու կէտի», ըսած է հիւլէական զէնքերու փորձագէտ Ժոել Վիթ:

