Քերրի Պիտի Մասնակցի Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք «Սուրիոյ Բարեկամներ»-ու Ժողովին

«Սուրիոյ Կացութիւնը Վատէն
Դէպի Աւելի Վատ Կ՛ուղղուի»

Կ՛ըսէ Արապի

Նեպիլ Արապի

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ կռիւը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ճամբով կասեցնելու, իսկ խորհուրդին կոչ ուղղեց միջամտելու: Ան ըսաւ, որ տագնապին լուծումը Ժընեւի մէջ փոխանցման հանգրուանի սկսելու եւ ամբողջական լիազօրութիւններ ունեցող կառավարութեան մը կազմութեան շուրջ գոյացած համաձայնութեան գործադրութեան մէջ կը կայանայ:

Արապի նշեց, որ ռուսերը Սուրիայէն իրենց ընտանիքները հեռացուցին, որովհետեւ գիտեն, որ կացութիւնը շատ վտանգաւոր է: Ան մատնանշեց «սուրիական վարչակարգին ուղղուած ռուսական պատգամները», ներառեալ` Սուրիոյ տագնապի բոլոր կողմերուն զէնքի մատակարարումը դադրեցնելու առումով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ուղղած կոչը:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը իւրաքանչիւր ժամ, իւրաքանչիւր օր վատէն դէպի աւելի վատ կ՛ուղղուի»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ դժգոհութիւն յայտնեց, որ Իրաք դէպի Սուրիա դեղորայք փոխադրող իրանեան օդանաւերը կը խուզարկէ` նշելով, որ այդ քայլը կը հակասէ միջազգային սկզբունքներուն եւ երկիրներու միջեւ բարի դրացնութեան յարաբերութեանց:

Ան ըսաւ, որ օդանաւի խուզարկումը անգամ մը եւս եկաւ փաստելու «կարգ մը երկիրներու Իրանի դէմ կատարած ամբաստանութեանց սուտ ըլլալը»` նշելով, որ Իրան պիտի շարունակէ «իր մարդասիրական առաքելութեան ծիրին մէջ» Սուրիոյ ժողովուրդին բժշկական եւ սննդեղէնի օժանդակութիւն ուղարկել:

Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճոն Քերրի եւ Ուիլիըմ Հէյկ երէկ Լոնտոնի մէջ միասնաբար հանդիպում ունեցան սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Քերրի պիտի մասնակցի 20 ապրիլին Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովին:

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ասորիները կը շարունակեն լքել երկիրը եւ ապաստան փնտռել Թուրքիոյ մէջ: Անգարա արդէն կը մտածէ սուրիացի քրիստոնեաներուն համար առանձին գաղթականներու երկու ճամբարներ կառուցելու մասին:

Ճամբարները նախատեսուած պիտի ըլլան 10 հազար քրիստոնեաներու համար: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու արտակարգ իրավիճակներու եւ աղէտներու վարչութիւնը կը պատրաստեն ծրագիրը:

Այդ երկու ճամբարներուն համար յատկացուած է 10 միլիոն լիրա: Ասորիները այս ճամբարներուն մէջ պիտի կարենան ֆիզիքական եւ հոգեւոր պահանջներու բաւարարում ստանալ, որովհետեւ ճամբարները կը նախատեսուի կառուցել եկեղեցւոյ մը մօտ:

 

Share this Article
CATEGORIES