Դոկտ. Մանուկեան Եւ Արսինէ Խանճեան Այցելեցին «Ազդակ»

«Հրթիռներու լիբանանեան ընկերութեան» հիմնադիր, Հարաւային Ֆլորիտայի համալսարանի ուսողութեան եւ բնագիտութեան դասախօս դոկտ. Մանուկ Մանուկեան եւ լիբանանահայ-քանատահայ հանրածանօթ դերասան-բեմադրիչ Արսինէ Խանճեան երէկ այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր հանդիպում ունեցան «Ազդակ»-ի խմբագրակազմէն Վահրամ Էմմիեանի հետ:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ մօտէն ծանօթանալու 1960-էն 1966 երկարող ժամանակաշրջանի ընթացքին Լիբանանի եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի համար աննախադէպ ութ հրթիռներու արձակման պատմութեան ծալքերուն: Դոկտ. Մանուկեան նշեց, որ հրթիռներու բոլոր բաղադրիչ մասերը ոչինչէն ստեղծուած էին եւ գրեթէ ամբողջութեամբ հայկական ուժերով` ջանքերովը Հայկազեան համալսարանի իր ղեկավարած գիտութեան ակումբի հինգ անդամներու, որոնցմէ միայն մէկը արաբ էր, «սակայն հայու հետ ամուսնացած»:

«Մայրի» («Արզ») հրթիռներու ծրագիրին վրայ աշխատող խմբակը փոքր հրթիռ մը գետնէն շուրջ 20 մեթր մը բարձրացնելէն հասած է մինչեւ երկմասանի հրթիռներու արձակման, որոնցմէ մէկը հասած է մինչեւ իսկ մթնոլորտի վերին շերտը (սթրաթոսֆիր): Հրթիռներու արձակումը պատճառ դարձած է, որ դրացի երկիրներ, ինչպէս` Կիպրոսն ու Իսրայէլը գանգատներ ներկայացնեն մինչեւ իսկ ՄԱԿ-ին, որովհետեւ փորձարկուող հրթիռները իր ափերուն մօտ ինկած են: Փորձարկուած վերջին հրթիռին `«Մայրի 8»-ի արձակուած ատեն մեծ ուշադրութիւն դարձուցած են այդ հարցին եւ հրթիռը այնպիսի դիրքի մը վրայ արձակած, որ իյնայ Կիպրոսի եւ Իսրայէլի միջեւ, առանց անոնցմէ ոեւէ մէկուն դժգոհութիւնը յառաջացնելու, սակայն այս անգամ ալ հրթիռը ինկած է Միջերկրական ծովուն մէջ նաւարկող բրիտանական խորտընկեցի մը մօտ… Ծրագիրը հետագային փոխանցուած է լիբանանեան բանակին, ապա Ֆրանսայի յորդորով եւ հաւանաբար մինչեւ իսկ նախագահ Շարլ Տը Կոլի` նախագահ Ֆուատ Շահապին կատարած մէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կասեցուած է:

Դոկտ. Մանուկեան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ֆլորիտա համալսարանի կրթական ծրագիրներուն մասին: Ան նշեց, որ շուրջ երկու տարի առաջ համալսարանին մէջ բացուած է Հայկական ուսումնասիրութեանց բաժին մը: Ան նշեց, որ այժմ աշխատանք կը տանի, որ աշխարհի բոլոր կողմերէն, մասնաւորաբար հայ փայլուն աշակերտներ առիթը ունենան Հարաւային Ֆլորիտայի համալսարան գալու եւ խտացեալ դասընթացքներու հետեւելու:

Հանդիպումին աւարտին Խանճեան մաղթեց, որ հայկական վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու աշակերտները անպայման դիտեն Հայկազեան համալսարանի «Հրթիռներու լիբանանեան ընկերութեան» պատրաստած, Ժոաննա Հաճիթումայի ու Խալիլ Ժըրէյժի բեմադրութեամբ լիբանանահայ այդ աննախընթաց արկածախնդրութեան մասին վաւերագրական ժապաւէնը, որպէսզի այդ ժապաւէնը պատմութեան ծանօթանալու եւ հպարտանալու առիթ մը ըլլայ եւ այդ արկածախնդրութիւնը բարի օրինակ դառնայ նոր սերունդին:

Դոկտ. Մանուկեան իր կարգին շեշտեց, որ նոր սերունդը քիչով կամ կրթական ծրագիրի սահմանափակումով պէտք չէ գոհանայ, այլ պէտք է սահմանները ընդլայնելու քաջութիւնը ունենայ:

Share this Article
CATEGORIES