Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Բ. Լիագումարի

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր քառամեայ գործունէութեան ժամանակաշրջանին (2011-2015) Բ. լիագումարը կայացուց 28 մարտ եւ 1 ապրիլ 2013-ին` Նիկոսիա-Կիպրոս:
Երկօրեայ նիստերու ընթացքին վերագնահատելով ՀՄԸՄ-ի աշխարհացրիւ մասնաճիւղերու գործունէութիւններուն արձանագրած արժեւորումները եւ հիմնուելով իր ընտրութենէն ի վեր կատարուած իրագործումներուն վրայ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով մերօրեայ բազմատեսակ մարտահրաւէրները, առաջադրեց առաւելագոյն ներուժ մատակարարել բոլոր մարզերուն մէջ:
Ապահովելու համար միութեան շարունակական յառաջխաղացքն ու աշխատանքներու յարատեւ վերելքը` կարեւոր նկատեց Ռազմավարական ծրագրաւորումի գործադիր յանձնախումբի ցարդ իրագործած աշխատանքները, ապա ճշդեց անոր երկրորդ հանգրուանի իրագործելի ծրագիրները, որոնք պիտի գործադրուին ենթայանձնախումբերու եւ շրջաններու ու մեկուսի շրջաններու գործունէութեամբ:
Յաջողցնելու համար քառամեայ որոշուած սկաուտական եւ մարզական գործունէութիւնները` քննարկեց անոնց մշակուած կազմակերպչական եւ նախապատրաստական աշխատանքներու մանրամասնութիւնները եւ առաջադրեց իր ներկայացուցիչներուն ու յանձնախումբերուն վստահիլ անոնց իրագործումը:
Նկատի ունենալով, որ ընթացիկ տարին կը զուգադիպի Հայաստանի առաջին անկախութեան եւ միութեանս հիմնադրութեան 95-ամեակին, որոշեց շրջաններուն թելադրել միաժամանակ եւ յատուկ տօնակատարութիւններով արժեցնել պանծալի յիշատակները:
Կարեւոր նկատելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման միջոցառումները` որոշեց այժմէն իր շարքերը զօրակոչի ենթարկել եւ ոչինչ խնայել կատարուելիք աշխատանքներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ գործուն դերակատարութիւն ունենալ բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ:
Արծարծելով Արցախի մէջ սկաուտական ու մարզական միաւորներ ստեղծելու կարելիութիւնները եւ անոնց արձանագրութեան հոլովոյթը` որոշեց գործուղումներով եւ տեղւոյն ընծայած յարմարութիւններով յառաջ տանիլ աշխատանքները:
Վերատեսութեան ենթարկելով քոյր մասնաճիւղերու գործունէութիւնները եւ անոնց որդեգրած աշխատելաոճը` յետ քննարկման առաջադրեց յատուկ ուղեգիծի մը հիմամբ շարունակել սկսուած աշխատանքները:
Վերագնահատելով «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի լոյս ընծայման անհերքելի կարեւորութիւնն ու պահանջը` որոշեց միաժամանակ օգտագործել արդի համացանցային դրութիւնն ու անոր ապահովել անհրաժեշտ տարածումն ու նիւթականը:
Անդրադառնալով Սուրիոյ իրավիճակին եւ յատկապէս հալէպահայութեան առօրեայ դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու տագնապներուն, ինչպէս նաեւ մահ ու կենաց պայքարի իրողութեան` որոշեց բարոյապէս ու նիւթապէս սատար հանդիսանալ անոր եւ զօրավիգ կանգնիլ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքի անդամներուն:
Վերարժեւորելով իր գործելաձեւն ու ներվարչական կեանքը, ինչպէս նաեւ իր փոխյարաբերութեան աշխատելաոճը շրջաններուն հետ` առաջադրեց կառչած մնալ ընդհանուր կանոնագրութեան թելադրած տրամադրութիւններուն ու ոգիին:
Վարչութիւնս իր երկօրեայ նիստերուն աւարտով, ՀՄԸՄ-ի շարքերուն կը յորդորէ յանձնառու գիտակցութեամբ շարունակել սերունդներու առողջ դաստիարակութիւնը` ի փառս եւ ի պանծացումն մեր միութեան ու անոր վեհաբարբառ նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր»-ին:
ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

