«Կիւլպենկեան» Հաստատութեան Հայկական Բաժանմունքի Տնօրէնի Այցելութիւնը Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
«Կիւլպենկեան» հաստատութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան չորեքշաբթի, 10 ապրիլ 2013-ին այցելեց Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան: Ան հանդիպում ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն, ճեմարանի տնօրէնութեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէնութեան հետ:
Հանդիպման նպատակն էր ծանօթանալ միմեանց գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Հանդիպման աւարտին Ռազմիկ Փանոսեան շրջեցաւ ճեմարանի զանազան բաժանմունքները եւ ականատես եղաւ ճեմարանի առօրեային:
CATEGORIES Գաղութային

