Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւնը` Պէյրութի Արաբական Համալսարանի Շրջանաւարտներու Կեդրոնին Մէջ

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` երէկ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ յառաջիկայ 15-21 ապրիլին տեղի ունենալիք Լիբանանի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը պիտի կատարուի Պէյրութի արաբական համալսարանի շրջանաւարտներու կեդրոնին մէջ:

Իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենայ մէկ հանգրուան` երեկոյեան ժամը 18:30-էն սկսեալ, բացի վերջին` կիրակի օրը, երբ տեղի պիտի ունենան վերջին երկու հանգրուանի մրցումները, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ:

Ֆետերասիոնը ախոյեանութեան մասնակցող ութ ակումբներուն` Անսարին, Թանմիէին, Ֆրերին, Սովիեթին, Արապիային Լիբանանեան բանակին, ՀՄԸՄ Անթիլիասին եւ Ռիատիին թելադրեց ըսելով, որ իրենց կազմերուն մաս կազմող 12 խաղացողներուն ցանկը քարտուղարութեան փոխանցեն առաւելագոյնը մինչեւ շաբաթ, 13 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 18:00-ը:

Share this Article
CATEGORIES