Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Աւարտականի Առաջին Մրցումը` Երեքշաբթի, 16 Ապրիլին
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի յառաջիկայ երեքշաբթի, 16 ապրիլին:
Առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Մրցումին ընթացքին ՀՄԸՄ Անթիլիաս երեկոյեան ժամը 20:00-ին պիտի հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:
Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը պիտի հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը.
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 16 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ 20:00 Աղբալեան
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 18 ԱՊՐԻԼ
Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 20:00 Մանարա
ՇԱԲԱԹ, 20 ԱՊՐԻԼ
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ 18:00 Աղբալեան
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 23 ԱՊՐԻԼ
Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 20:00 Մանարա
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 25 ԱՊՐԻԼ
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ 20:00 Աղբալեան

