Ճատրակ. Տուպայի Մրցաշարք. Վլատիմիր Յակոբեան 3 Կէտով Կը Գլխաւորէ Առաջին Դիրքը

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող շէյխ Ռաշիտ Համտան Մաքթումի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, հայրենի կրանտմասթըր Վլատիմիր Յակոբեան, ապահովելով առաւելագոյն 3 կէտը, կը գլխաւորէ առաջին դիրքը:

Ան իր երրորդ յաղթանակը արձանագրեց Փոնթոս Քարլսընի դէմ (Շուէտ):

Գաբրիէլ Սարգսեան, որ յաղթեց Սունտարա Շիամայի (Հնդկաստան), 3 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:

Այս հանգրուանին յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Տիգրան Պետրոսեան եւ Մարք Փասենչեան, մինչ Յովիկ Հայրապետեան պարտութիւն կրեց:

 

Share this Article
CATEGORIES