Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Քաշուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ Ակումբներու Ախոյեանութենէն
Երէկ` չորեքշաբթի, 10 ապրիլին, պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, Ասիոյ ախոյեան Ռիատի Պէյրութ յայտարարեց, որ կը քաշուի Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութենէն, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 11-17 մայիսին` Տհուքի մէջ (Իրաք):
Այդ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ որոշումը հետեւանք է այն իրողութեան, որ խումբը իր շարքերուն մէջ ունի վիրաւոր մարզիկներ:
Ասոր ի տես, Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի զտումի մրցաշարքին Լիբանանը պիտի ներկայացնեն Լիբանանի ախոյեան Շանվիլ եւ երեք անգամ Ասիոյ ախոյեան հանդիսացած Սաժես: Նշենք, որ վերջինս վերջին անգամ Ասիոյ ախոյեանութեան մասնակցած է 2006-ին:
CATEGORIES Մարզական

