Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին վաւերացուց Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն արդիւնքները:
Թատամոն Սուր յաղթեց Անսարի (3-1), Շապապ Սահել` Թրիփոլիի (5-3` փենալթիներով), Սաֆա` Մապարրայի (1-0) եւ Ախա Ահլի Ալէյ` Ռասինկի (4-3` փենալթիներով):
Հրապարակուեցաւ կիսաւարտականի մրցումներուն յայտագիրը, որ տեղի պիտի ունենայ ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ.
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 15 ՄԱՅԻՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Թատամոն Սուր – Սաֆա 3:30 Մարզական Աւան
Ախա Ահլի Ալէյ – Շապապ Սահել 3:30 Պէյրութ
Ինչ կը վերաբերի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին, մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
ՈՒՐԲԱԹ, 19 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ահտ – Անսար 3:30 Մարզական Աւան
Սաֆա – Ախա Ահլի Ալէյ 3:30 Սայտա
ՇԱԲԱԹ, 20 ԱՊՐԻԼ
Ռասինկ – Սալամ Սուր 3:30 Ժունիէ
ԿԻՐԱԿԻ, 21 ԱՊՐԻԼ
Նըժմէ – Շապապ Սահել 3:30 Սայտա
Թատամոն Սուր – Իժթիմահի 3:30 Սուր
Թրիփոիլ – Շապապ Ղազիէ 3:30 Թրիփոլի
Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, արձանագրուեցան հետեւեալ կարեւորագոյն արդիւնքները. ՀՄԸՄ Պէյրութ – ՀՄՄ` 3-0, Շապապ Արապի – Նըժմէ` 3-1, Անսար – Սաֆա` 3-0 եւ Սալամ Զղարթա – Շապապ Սահել` 3-2:

