Մանսուր Ընդունեց Ռուսիոյ Դեսպանը Եւ Սուրիոյ Դեսպանատան Յղեց Նամակ Մը
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր` ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ցուցմունքներուն, նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ սուրիական դեսպանատան:
Միւս կողմէ, Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի հետ:
Հանդիպումէն ետք Զասպիքին յայտնեց, որ անարդար են եւ անհաւասարակշիռ այն ամբաստանութիւնները, թէ սուրիական վարչակարգն է երկրին կացութեան վատթարացման պատասխանատուն:
Զասպիքին բարձր գնահատեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կողմէ համախոհութիւն գոյացնելու ջանքերը:
CATEGORIES Լիբանանեան

