Ճարտարարուեստի Նախարարութեան Կազմակերպած Ձեռնարկներու Շարքը
Այսօր առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Պիել»-ի մէջ պաշտօնական բացման արարողութիւնը պիտի կատարուի Սննդագիտական ճարտարարուեստի ազգային օրուան:
Այդ առիթով հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան պիտի արտասանեն խօսքեր:
Երկուշաբթի, 15 ապրիլ 2013-ին, նախարար Սապունճեան, նախարարութեան կեդրոնին մէջ Ձեռարուեստի լիբանանեան սենտիքային պիտի յանձնէ կեդրոն մը, որ կը գտնուի ճարտարարուեստի նախարարութեան կեդրոնին մէջ, որպէսզի սենտիքան ամէնօրեայ դրութեամբ ցուցահանդէսներ կազմակերպէ եւ սենտիքային մաս կազմող անդամներուն աշխատանքները ցուցադրէ` առանց վարձքի պարտաւորութեան տակ դրուելու:
Չորեքշաբթի, 17 ապրիլ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Գերազանցութեան արտօնագիրներու լիբանանեան միութիւնը (Էլ. Էֆ. Էյ.) խորհրդաժողով մը պիտի կազմակերպէ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ: Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին 25 երկիրներէ ժամանած գործարարներ:
Խորհրդաժողովին ընթացքին խօսքեր պիտի արտասանեն հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, Պէյրութի տնտեսական, ընկերային եւ առեւտուրի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շուքէյր, միութեան նախագահ Շարլ Արպիտ եւ տնտեսութեան ու աշխատանքի խմբաւորումի նախագահ Ռաուֆ Ապու Զաքի:

