Միքաթի. «Լիբանան Բոլոր Հաստատութիւններէն Ու Կառավարութիւններէն Կարեւոր Է Եւ Ան Պիտի Մնայ Իշխանափոխութիւն Գործադրող Ժողովրդավար Երկիրը»

Միքաթի իր խօսքը կ՛ուղղէ վարչապետարանի պաշտօնէութեան

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ վարչապետարանին մէջ գործող պաշտօնէութեան` ներկայութեամբ իր կնոջ` Մայ Միքաթիի եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհել Պաուժիի:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան պիտի մնայ ժողովրդավարական երկիր մը, ուր հերթափոխութիւն կը կատարուի, եւ որուն հաստատութիւնները կը գործեն տարբեր անհատներու ղեկավարութեան:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կը մնայ բոլոր հաստատութիւններէն եւ կառավարութիւններէն շատ աւելի կարեւոր:

Ան ընդգծեց, որ քաղաքական միջին կեցուածքի առումով այս է գործելակերպի ճիշդ ձեւը եւ աւելցուց, որ ինք մնայուն կերպով չափաւորական եղած է` քաղաքական իր վարուելակերպին մէջ:

«Լիբանան պիտի մնայ հաւասարակշռութեան, պատգամի, ազգային համակեցութեան եւ համերաշխութեան երկիրը, որովհետեւ բոլորը քաջ գիտեն, թէ Լիբանան ժողովրդավարական երկիր մըն է, որ իշխանութեան հերթափոխութիւնը կը գործադրէ», հաստատեց ան:

Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը եւ հրաժարեալ կառավարութեան մէջ նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշը, Նազեմ Խուրին եւ Ուալիտ Տաուքը:

Share this Article
CATEGORIES