Նախագահ Սլէյման Թուրքիայէն Պահանջեց Յաւելեալ Ճնշում Բանեցնել` Ազատ Արձակելու Համար Առեւանգուած Լիբանանցիները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան հարցերու նախարար Պինալի Եըլտըրըմը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ անկէ պահանջեց, որ Թուրքիա յաւելեալ ճնշում բանեցնէ` ազատ արձակելու համար Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Թուրքիոյ կողմէ յաւելեալ ճնշումի բանեցումը կ՛օժանդակէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն բարելաւման, ինչպէս նաեւ բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութեան հեռանկարներուն ընդարձակումին:
Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն մաս կազմելու առումով:
Իր կարգին, Եըլտըրըմ գնահատեց տնտեսական մակարդակի վրայ արձանագրուած երկկողմանի գործակցութիւնը եւ խոստացաւ նախագահ Սլէյմանի պահանջները փոխանցել թուրք պատասխանատուներուն` ընդգծելով թրքական-լիբանանեան գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հրաժարեալ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել իր կարգին այցելեց նախագահ Սլէյմանի եւ անոր հետ քննարկեց յառաջիկայ հանգրուանին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Սամիր Ժսըրի հետ: Քննարկուեցան վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ կատարուող` կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնն ու Միացեալ Նահանգներու կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնները` լիբանանեան բանակին եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն:
Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկած է լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրավիճակն ու շրջանային զարգացումները:
Քոնելլի բարձր գնահատած է նախագահ Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` նոր կառավարութիւն մը կազմելու առումով: Ան աւելցուցած է, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը զուտ լիբանանեան հոլովոյթ է` աւելցնելով, որ լիբանանցիները արժանի են ունենալու իրենց ձգտումները արտացոլացնող կառավարութիւն մը, որ պահպանէ նաեւ երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
Քոնելլի շեշտած նաեւ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
Ամերիկեան դեսպանատան հաղորդագրութիւնը եզրափակուեցաւ այն առումով, որ Ուաշինկթըն կառչած կը մնայ կայուն, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը:
ՀԱՐԿ է աւելցնել, որ Եըլտըրըմ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ հրաժարեալ կառավարութեան մէջ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի: Քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Եըլտըրըմ յայտնեց, որ ԹՓԱՕ թրքական քարիւղի ընկերութիւնը լիբանանեան ծովեզերեայ շրջանին մէջ քարիւղի եւ բնական կազի հանքերու պեղումներ պիտի կատարէ:


