«Պէտք Է Կազմել Հզօր Կառավարութիւն Մը, Որ Կարենայ Բոլոր Մարտահրաւէրները Դիմակայել» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանը պէտք է արագ որոշում տայ, որպէսզի սահմանադրական աւելի վտանգաւոր բացթողումներ չարձանագրուին:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքական առումով բոլորը կը մերժեն 1960-ի ընտրական օրէնքը, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ այդ օրէնքը գոյութիւն չունի եւ անոր հիման վրայ որոշ քաղաքական ուժեր եւ անհատներ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են:
Օրինական իմաստով թեկնածութիւն առաջադրողները օրէնքը գործադրած են, սակայն քաղաքական առումով այդ օրէնքը կը մնայ մերժելի: «Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` կ՛առաջարկուի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած բոլոր ժամկէտները առկախել մինչեւ 19 մայիս, որպէսզի կարելի ըլլայ մշակել համախոհական ընտրական այլ օրինագիծ մը, որ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովէ բոլորին, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութեան առումով: Իսկ եթէ կարելի չըլլայ նման օրինագիծ մը մշակել, ապա մենք դարձեալ հանդիպումներ պէտք է ունենանք այլ ելքեր գտնելու, որովհետեւ 1960-ի ընտրական օրէնքը բոլորին կողմէ մերժելի է», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Պատասխանելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերահսկող յանձնախումբերը կազմելու արտօնագիրին ստորագրութեան եւ անոր դէմ ամբաստանութիւններուն մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախագահ Սլէյմանի պարտականութիւնը սահմանադրութեան գործադրութիւնն է, սակայն ան ստիպուեցաւ ստորագրել այդ արտօնագիրը, որովհետեւ տարբեր պատճառներով հասած էինք հանգրուանի մը, որ ան ստիպուած էր յարգել սահմանադրութիւնը:
«Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը նախագահ Սլէյմանը չի քննադատեր երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերահսկող յանձնախումբերը կազմելու արտօնագիրին ստորագրութեան կամ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը մերժելուն համար, այլ կը քննադատէ նախագահին այն յայտարարութիւնը, որ եթէ խորհրդարանը վաւերացնէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը, ինք պիտի վիճարկէ զայն», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ խորհրդարանի նստաշրջանին կապակցութեամբ եզրերը, ինչպէս` առկախում, յետաձգում եւ այլն, կրնան փոխուիլ, սակայն իրականութիւնը կը մնայ այն, որ այս խորհրդարանին նստաշրջանը չորս տարիէն աւելի է, որովհետեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները թեքնիք յետաձգումի պիտի ենթարկուին:
Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ նաեւ, որ երեսփոխաններուն միջեւ գրեթէ համախոհութիւն գոյացած է ջնջելու սահմանադրութեան թիւ 50-րդ յօդուածը, որուն համաձայն, թեկնածութիւն առաջադրած անհատը կը յաղթէ, եթէ թեկնածութիւն առաջադրելու օրինական ժամկէտը անցնի եւ անոր դիմաց ոչ մէկ մրցակից իր թեկնածութիւնը առաջադրէ:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց քրիստոնէական արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա կարելի կը դառնայ, եթէ իրաւունքը իրաւատէրին յանձնելու կամքը գտնուի, «դժբախտաբար այդ կամքին չգոյութեան պատճառով է, որ քրիստոնեայ համայնքին եւ անոր պարփակած բոլոր յարանուանութիւններուն արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք չկայ», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ պէտք է յարգէ այլոց իւրայատկութիւնները, սակայն պայման է, որ այդ յարգանքը եւ ցուցաբերուած հասկացողութիւնը փոխադարձ ըլլայ:
Հայութեան ստանձնելիք նախարարութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն մնայուն կերպով պահանջած է, որ 30 նախարար հաշուող նախարարութիւններուն մէջ լիբանանահայութիւնը ներկայացուի երկու նախարարով, ինչ որ իր արդար չափաբաժինն է:
«Իսկ ուժային նախարարութիւններու դրութիւնը վերջերս դարձած է տիրական: Եօթանասունական եւ ութսունական թուականներուն ընթացքին նման եզրեր չկային: Այդ թուականներուն Խաչիկ Պապիկեան արդարութեան նախարարութիւն ստանձնած է, որովհետեւ ատակ անձնաւորութիւնը եղած է այդ նախարարութիւնը ստանձնելու: Օրին ուժային եւ ծառայութիւններու նախարարութիւններ եւ նախարարութիւններու մնացորդաց գոյութիւն չունէր», ըսաւ Յ. Բագրատունի եւ շեշտեց, ու հաստատեց, որ հայութիւնը իր կարողութիւններով եւ ատակութեամբ եւս պէտք է նկատի առնուի նախարարութիւններու ստանձնումի աշխատանքին մէջ: «Ինչո՞ւ օրինակ հայութեան չեն յանձներ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կամ այլ նախարարութիւններ», հարց տուաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց կառավարութեան դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս այս զգայուն հանգրուանին: Ան ըսաւ, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպելու եւ կայացնելու կառավարութիւն կոչելու քայլը ես վարչապետին հասցէին վարկաբեկում կը նկատեմ, որովհետեւ ան բառին բուն իմաստով երկրին վարչապետն է եւ Լիբանանի չէզոք քաղաքականութենէն սկսեալ, երկրին տնտեսական թէ քաղաքական եւ ապահովական բոլոր հարցերը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի ըլլան իր աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ «Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ դաշնակից ուժերուն հետ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին անձամբ Թամմամ Սալամի անունը առաջադրեցի վարչապետի պաշտօնին համար, երբ անոր թեկնածութեան մասին ոչինչ կը խօսուէր եւ ան տակաւին Ռիատ չէր այցելած»:
Ան աւելցուց, որ Թամմամ Սալամ 124 երեսփոխանի կողմէ առաջադրուած վարչապետ է, եւ այդ մէկը մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ անոր վրայ, հետեւաբար ան պէտք է ըլլայ ամբողջ Լիբանանին վարչապետը, իսկ կառավարութեան բնոյթը պէտք է ըլլայ համախոհական` դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը եւ դիմագրաւել կարենալու համար Լիբանանի բոլոր հարցերը:
«Մենք կարիքը ունինք հզօր կառավարութեան, որովհետեւ շրջանին մէջ կան փոթորիկներ, Լիբանանի մէջ կրնան ըլլալ անորոշ փոթորիկներ, սահմանային շրջաններուն մօտ կայ Իսրայէլը եւ ներքին լիբանանեան առումով կան շարք մը հարցեր, որպէսզի պատրաստ ըլլանք ամէն տեսակի մարտահրաւէր դիմակայելու», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ մնալով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ 12 նախարար հաշուող կառավարութիւն կարելի չէ կազմել. ան աւելցուց, որ Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք յստակ դարձաւ, որ Լիբանանի ամէնէն փոքր կառավարութիւնը 14 անդամ կը հաշուէ` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ կան 7 հիմնական համայնքներ, որոնցմէ մէկը հայութիւնն է:

