Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Զօրակցի Թամմամ Սալամի Յայտարարած Ազգային Շահերու Կառավարութեան Կազմութեան

Սալամ` Հայկական երեսփոխանական պլոքին հետ հանդիպման ընթացքին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, կառավարութեան կազմութեան երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ծիրին մէջ, երէկ կէսօրէ ետք խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց հետեւեալը.

«Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը զօրակցի Թամմամ Սալամի յայտարարած ազգային շահերու կառավարութեան, որ կը կազմուի սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին հիման վրայ:

«Կառավարութիւնը` սահմանադրութեան սկզբունքներուն համաձայն, պէտք է ամբողջական պատասխանատուութիւն ստանձնէ, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին զգայուն պայմաններուն ընթացքին:

«Անիկա պէտք է պահպանէ երկրին ապահովական կայունութիւնը, կատարէ երեսփոխանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ լուծէ երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի հարցերը:

«Կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ համախոհական եւ կազմուի` ապահովելով Լիբանանի քաղաքական շերտերուն մեծագոյն մասնակցութիւնը:

«Պատրաստակամութիւն յայտնեցինք մաս կազմելու կառավարութեան եւ պահանջեցինք կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութիւնը ապահովել` զայն նկատի ունենալով իբրեւ Լիբանանի եօթը հիմնական համայնքներէն մէկը ներկայացնող համայնք մը, ինչպէս հաստատուած է Թաէֆի համաձայնագիրով, ինչպէս նաեւ պահանջեցինք հայութեան կարողութիւններն ու ատակութիւնը հաշուի առնելով անոր յստակ նախարարութիւններ ճշդել` համոզուած ըլլալով, որ հայութեան կարողութիւններն ու ատակութիւնը այլ համայնքներու կարողութիւններէն աւելի նուազ չեն»:

 

Share this Article
CATEGORIES