Երեսփոխանական Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Աւարտելէ Ետք. «Յանձնառու Կը Մնամ Ազգային Շահերու Կառավարութեան Կազմութեան» Շեշտեց Թամմամ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան խորհրդարանին մէջ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին հետ:
Աւարտելէ ետք խորհրդակցութիւնները` վարչապետ Սալամ խորհրդարանին մէջ կատարեց եզրափակիչ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ ինք յանձնառու կը մնայ ազգային շահերու կառավարութեան մը կազմութեան:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ սահմանադրական առումով գործադրուելիք աշխատանքները հսկայական են, եւ կառավարութեան պարտականութիւնն է կատարել այդ աշխատանքները` տարբեր մարզերու վերաբերող շարք մը այլ գործերու կողքին:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ խորհրդակցութիւններէն ետք իրեն համար աւելի յստակ են կարիքները, եւ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ գոհ պահելու լիբանանցիներն ու Լիբանանը, որոնք իրենց վստահութիւնը յայտնած են իր անձին նկատմամբ:
«Այնքան ատեն որ մեր վրայ վստահութիւն կայ կառավարութիւն կազմելու, ապա մենք պատրաստ ենք աշխատելու եւ այդ վստահութիւնը չմսխելու», ըսաւ Սալամ:
Իր վարչապետ նշանակումին առումով, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետը հարց տուաւ, որ արդեօ՞ք նախկին վարչապետ Սաէպ Սալամի բնակարանէն` Մուսայթպէէն, հանրապետութեան նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահական թեկնածութեան յայտարարութիւնը ամօթալի քայլ մըն էր»: Ան ցաւ յայտնեց այդ տեսակէտին համար:
Վարչապետ Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ խորհրդարանին մէջ հիւրընկալեց երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխանական պլոքներուն եւ երեսփոխաններուն, որոնք ընդառաջեցին ու մասնակցեցան խորհրդակցութիւններուն: Ան աւելցուց, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրող կողմերը մեծ պատասխանատուութիւն ունին կառավարութեան կազմութեան առումով դրական մթնոլորտը պահպանելու, մանաւանդ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ բոլորը խոստացած են իր պարտականութիւնը դիւրացնել:
Նշենք, որ խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ վարչապետ Սալամ ընդունեց Ազատ որոշում պլոքը, որուն անունով երեսփոխան Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ձախողութիւն արձանագրած թեկնածուները նախարար նշանակելու երեւոյթը:
Հայկական համախոհութիւն երեսփոխանական պլոքը վարչապետ Սալամի առաջարկեց կազմել կառավարութիւն մը, որ սահմանադրութեան համաձայն կը կազմակերպէ երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ կառավարութեան մէջ հայութեան արդար ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ:
Պաաս կուսակցութեան պլոքի երեսփոխան Ասեմ Քանսօ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու Սալամին` կոչ ուղղելով կազմելու քաղաքական կառավարութիւն մը, որուն մէջ ուժանիւթի եւ քարիւղի մարզերը անջատ նախարարութիւններ կը դառնան:
Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որուն աշխատանքային ծրագիրին մէջ կ՛որդեգրուի «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազը:
Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ մաղթեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը հիմնուած ըլլայ «Պաապտայի յայտարարութեան» վրայ:
Երեսփոխան Պութրոս Հարպ խորհրդակցելէ ետք վարչապետին հետ յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան ստանձնելիք հիմնական պարտականութիւնը ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:
Երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ մաղթեց, որ կառավարութիւնը ըլլայ վարչապետ Սալամի պատկերով, եւ անոր ստանձնելիք աշխատանքները ըլլան սահմանափակ:
Վարչապետ Սալամ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ անկախ երեսփոխաններ Մարուան Համատէի, Ռոպեր Ֆատելի, Ֆուատ Սաատի, Անթուան Սաատի եւ Մոհամետ Սաֆատիի հետ:

