Քանատական Թանգարանը Պիտի Չհրաժարի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Եզրէն

Քանատական «Ուինիփեկ Ֆրի Փրես» օրաթերթը կը գրէ, որ Մարդու իրաւունքներու քանատական թանգարանը չի պատրաստուիր 1.5 միլիոն հայերու կոտորածը ցեղասպանութիւն անուանելէն հրաժարելու, հակառակ Քանատայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի այն յայտարարութիւններուն, թէ այդ մէկը կրնայ Քանատայի եւ Թուրքիոյ միջեւ եկամտաբեր առեւտրական յարաբերութիւններուն վնասել:

Թանգարանի ներկայացուցիչ Քլինթ Քերլ յայտարարած է, որ երբ յաջորդ տարի թանգարանը Ուինիփեկի մէջ բացուի, Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւնը պիտի ներկայացուի ցուցասրահներուն մէջ եւ կատարուածը իբրեւ ցեղասպանութիւն պիտի բնորոշուի:

Ըստ անոր, Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի չմոռցուի, երբ Մարդու իրաւունքներու քանատական թանգարանը բացուի: «Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ արդիւնք մարդու իրաւունքներու մարզին մէջ ստացուած դասերը թանգարանին մէջ պիտի դիտարկուին քանի մը ուղղութիւններով, ներառեալ` Ռաֆայէլ Լեմքինի աշխատանքներու, 1948-ի ցեղասպանութեան մասին հռչակագիրի ուսումնասիրութեան բաժիններուն մէջ եւ այն սրահին մէջ, ուր պիտի հետազօտուին համաշխարհային զանգուածային չարագործութիւնները, ներառեալ` այն հինգ ոճրագործութիւնները, զորս Քանատայի խորհրդարանը ընդունած է իբրեւ ցեղասպանութիւն: Ցուցասրահին մէջ պիտի ըլլան նաեւ վերապրածներու վկայութիւններ, առաջին աղբիւրներէն ստացուած ապացոյցներ», ըսած է Քերլ:

Ան նաեւ աւելցուցած Է, որ վերջերս եղած է Երեւան` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ այցելելու համար, եւ պիտի ձգտի երկու թանգարաններուն միջեւ կապը զարգացնել:

Քանատայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թունճայ Պապալի «Տը Քենետիըն Փրես» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիա-Քանատա առեւտրական յարաբերութիւնները կը դանդաղեցնէ: Պապալի յայտարարած էր, որ «Թուրքիա կը փափաքի Քանատայէն ժեսթ տեսնել»:

Յիշեցնենք, որ Քանատայի խորհրդարանը 2004-ին ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES