«Ներկայ Իրավիճակէն Ելքը Քաղաքական Միասնական Օրակարգն Է» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Միասեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ խորհրդարանին մէջ անդրադարձաւ նախանցեալ օրուան դէպքերուն եւ յայտնեց, որ իրադարձութիւններու որոշ դրուագներուն մէջ յստակ էին ոստիկանութեան ոչ համաչափ գործողութիւնները, թէեւ ոստիկանութեան գործողութիւնները այսպիսի իրավիճակներուն մէջ էական հոլովոյթ արձանագրած են:

Պատգամաւորը անդրադարձաւ Արմէն Մարտիրոսեանի եւ ոստիկաններու միջադէպին` նշելով, որ Մարտիրոսեանին վնաս հասցնելու վերաբերեալ դրուագին մէջ ոստիկանութեան գործողութիւնը յստակօրէն անհամաչափ էր: «Մենք ճիշդ էինք, երբ կը պնդէինք եւ կ՛ըսէինք, որ երկրին մէջ ստեղծուած լարուած իրավիճակին ելքը իշխանութիւն-ընդդիմութիւն քաղաքական միասնական օրակարգն է», նշեց Մինասեան:

Իր խօսքէն ետք` լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մինասեան անգամ մը եւս յիշեցուց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի երկու ելոյթները, որոնց մէջ նշուած էր այսպիսի հաւանական բեմագրութեան մասին եւ լուծում առաջարկուած: «Ցաւալիօրէն, անոնք, որոնք պատասխանատու էին այս շարժման համար, մեզի չլսեցին», նշեց Մինասեան: Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ նախանցեալ օրուան դէպքերէն տպաւորութիւնը այն է, որ ճիշդը Դաշնակցութիւնն էր` քաղաքական միասնական օրակարգն է ելքը:

 

Share this Article
CATEGORIES