«Երեւանի Ընտրութիւնները Քաղաքական Ընտրութիւններ Են, Ոչ Թէ Քաղաքապետի, Այլ` Աւագանիի» Շեշտեց Արսէն Համբարձումեան

Արսէն Համբարձումեան

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն նախընտրական քարոզարշաւը արդէն իսկ սկսած է: Մինչեւ 5 մայիս իրենց նախընտրական ծրագիրը եւ ընելիքները ներկայացնելու համար Երեւանի աւագանիի Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակի անդամները արդէն պատրաստ են: Նախընտրական ծրագիրը մշակուած է, անիկա պիտի ներկայացուի մայրաքաղաքի բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ:

«Քանի մը օրէն կը սկսինք նաեւ հրապարակային հանդիպումներուն, բակային հանդիպումներուն, կը փորձենք օգտուիլ նաեւ ձայնասփիւռի, համացանցի կարելիութիւններէն: Մեր նախընտրական ծրագիրը խտացուած կը ներկայացնէ շարք մը խնդիրներու լուծումներ, որոնք լուրջ հիմնաւորումներ են», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ, Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակի եռեակին մէջ ընդգրկուած Արսէն Համբարձումեան:

ՀՅԴ պաշտօնական «arfd.am» կայքէջին վրայ բացուած է նաեւ Երեւանի աւագանիի ընտրութեան` կուսակցութեան քարոզչական բաժինը: Այստեղէն կարելի է ամբողջական տեղեկութիւններ ստանալ նախընտրական քարոզչութեան մասին: Կայքէջին վրայ տեղադրուած են նաեւ ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրը եւ աւագանիի անդամներուն համամասնական ցուցակը:

Արսէն Համբարձումեան նշեց, որ այս ընտրութիւնները անձի ընտրութիւն չեն:

Ցուցակը գլխաւորող թեկնածուներէն բացի, աշխուժ քարոզչութիւն պիտի կատարեն իրենց համամասնական ցուցակի բոլոր անդամները` նախորդ տխուր օրինակը չկրկնելու համար, երբ երեւանցին ո՛չ դէմքով, ո՛չ անունով չի ճանչնար իր ընտրած աւագանին:

Արսէն Համբարձումեան կարեւոր կը նկատէ նաեւ այլ հանգամանք մը: Այս ընտրութիւնները քաղաքական են, ուստի կ՛ակնկալէ աշխուժ եւ արդար մրցակցային դաշտ:

«Հակառակ որոշ քաղաքական ուժերու եւ մասնաւորաբար իշխող քաղաքական ուժի անթաքոյց դիրքորոշումին, ասոնք Տարօն Մարգարեանի ընտրութիւնները չեն: Իրականին մէջ ասոնք քաղաքական ընտրութիւններ են, ոչ թէ քաղաքապետի, այլ` աւագանիի», ըսաւ ան:

Քաղաքական մենաշնորհը պէտք է ջնջուի: «Աւագանիի անդամներուն մեծամասնութիւնը պէտք չէ ըլլայ իշխող կուսակցութենէն, եթէ մենք չենք ուզեր ունենալ նշանակովի քաղաքապետ», ըսաւ Համբարձումեան:

Իսկ մինչ այդ աշխուժ եւ միասնական խումբով պիտի աշխատին ՀՅԴ ցուցակի բոլոր 65 անդամները, որպէսզի 5 մայիսին երեւանցին վստահի Դաշնակցութեան եւ Երեւանը փոխէ Հայաստանը:

Share this Article
CATEGORIES