«Այսօր Յեղափոխութեան Կարելիութիւն Չկայ, Պէտք Է Փոքր Քայլերու Ճամբով Երթալ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի կայանի «Բանաձեւ» յայտագիրին շրջագիծին մէջ յայտնեց, որ այժմու ժողովրդային շարժման մէջ Դաշնակցութեան հիմնական խնդիրը միշտ եղած է ուժականութիւնը պահելը:
Ըստ Ռուստամեանի, «հիմա եւ ամէն ինչ» տրամաբանութեամբ առաջնորդուիլը կա՛մ հիասթափութեան, կա՛մ զոհերու յանգեցնելու վտանգ պարունակող ուղի է: «Շարժումը պէտք է կազմակերպուէր վերեւէն մինչեւ ներքեւ, որպէսզի ամէն մէկը, որ կու գայ հանրահաւաքի, իմանայ իր դերն ու կատարելիքը, որպէսզի բացառուի նաեւ սադրիչներու աշխատելու կարելիութիւնը», յայտնեց ան:
Ռուստամեան ըսաւ, որ Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուածները քանի մը խումբի կը բաժնուէին, մաս մը սադրիչներ էին, մաս մը անշուշտ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողմնակիցներն էին, իսկ մաս մըն ալ եկած էին, բայց մոլորուած էին, չէին գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընէին: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը նշեց, որ շատ յաճախ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարին որոշումներուն մասին տեղեակ չէին նաեւ անոր քաղաքական մերձաւորագոյն մարդիկը` Արմէն Մարտիրոսեանը, Զարուհի Փոստանջեանը:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք չի՞ կարծեր, որ Դաշնակցութիւնը միշտ վճռական պահուն բացակայելու պատճառ կը գտնէ, Ռուստամեան նշեց, որ «իսկ չէ՞ք կարծեր, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ճիշդ դուրս կու գայ»:
Դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց, որ այժմ պէտք է կեդրոնանալ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն վրայ: «Մեզի կը մեղադրեն, բայց մենք կ՛ըսենք` եղբայր, յեղափոխութիւն ամէնէն շատ մենք կ՛ուզենք, բայց եթէ այսօր այդ կարելիութիւնը չկայ, պէտք չէ այդ ճամբան բռնել, մարդոց պէտք չէ տաքցնել: Այսօր պէտք է փոքր քայլերու ճամբով երթալ», ըսաւ ան:

