Ակնարկ. Ապրիլ 9-ի Եւ Մարտ 1-ի Տարբերութիւնը Եւ Մինչեւ Մայիս 5-ը
Առաջին մտածումը, որ լուսարձակի տակ պէտք է բերել «Ազատութիւն»-«Բաղրամեան»-Ծիծեռնակաբերդ-յաղթանակ ժողովրդային շարժումին ուղղութեան վրայ արձանագրուած միջադէպերուն սահմանափակ մնալու կարեւոր երեւոյթին կը վերաբերի։ Այլապէս, ժողովրդային ցասումի, դէպի նախագահական պալատ բազմամարդ քայլերթի, տրամադրութիւններու շիկացման ամբոխային երեւոյթները շատ արագ կը համոզէին, որ երկրորդ մարտի մէկը պատրաստ ենթահող ունէր Երեւանի փողոցներուն վրայ։
Այս պահուն եւս երկկողմանիօրէն նկատուեցաւ նման պատահարներ բացառելու պատասխանատու մօտեցումը։ Թէեւ թէ՛ ցուցարարներուն եւ թէ՛ ոստիկաններուն մէջ գտնուեցան տարրեր, որոնք կարմիր գիծերը շրջանցելու դրսեւորումներ ունեցան։ Այստեղ թէ՛ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին եւ թէ՛ ոստիկանապետ Գասպարեանին համատեղ ճիգերը դրական հետեւանք ունեցան դէպքերու զարգացումը վերահսկողութեան տակ պահելու առումով։ Հարկ է ընդգծել, որ իրենց տեսակով, հարցերը դիմակայելու կամ միջադէպերուն դիմաց հակազդելու իրենց եղանակներով ընդդիմադիր առաջնորդը առաջին նախագահը չէ, ոչ ալ գործող նախագահը Հայաստանի երկրորդ նախագահը։
Հիմա գանք ժողովրդային հիասթափութեան ։ «Հիմա»-ի տրամաբանութիւնը ապրիլ 9-ին գերակշիռ էր ժողովուրդին մօտ։ Տարբեր հանգամանքներով կը բացատրուի ամբոխավարական ալիքի դրսեւորումն ու մանաւանդ շրջադարձային անմիջական փոփոխութիւն բերելու ակնկալիքի տարածումը։
Նախ անշուշտ՝ իշխանափոխութեան տարերային պահանջի առկայութիւնը, նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն մշուշոտ ըլլալը, շատերու մօտ այդ ընտրութիւններուն ընդդիմադիր թեկնածուին յաղթած ըլլալու համոզումը, այլոց մօտ իշխանափոխութիւն իրականացնելու առիթը բաց չթողելու մօտեցումը.այս բոլորին վրայ կ’աւելնան նաեւ վճռորոշ յայտարարութիւններու, ժողովուրդը պայքարունակ պահելու միտումով հարցը տաք կրակի վրայ պահելու եւ դէպի շրջադարձային փուլ առաջնորդելու կոչերը։
Նախագահական առումով նախընտրական եւ յետընտրական փուլերուն ընդդիմութիւնը չէր յաջողած համախմբուիլ յառաջիկայ ընելիքներու, ռազմավարական եւ հայեցակարգային ընդհանուր համաձայնական եզրերու շուրջ։ Փուլ առ փուլ կատարուելիքներու քարտէսը յստակ չէր։ Կային յանկարծակի պահանջներ, չխորհրդակցուած, չքննարկուած եւ չհամաձայնեցուած առաջադրանքներ, որոնք իրականացնելու համար պիտի բանէր ուժերու միջեւ համակարգուած մեքենականութիւն մը։ Մինչեւ ապրիլ 9-ի սպասուած շրջադարձը եւս՝ այդ ենթահողի ձեւաւորման նպաստող քայլ չառնուեցան։
Համակարգային փոփոխութիւնը, երկարաշունչ պայքարի հետեւողականութիւն ենթադրող առաջադրանք է։ «Հիմա»-ի տրամաբանութիւնը պէտք չէ ճնշէ կազմակերպուելիք գործողութիւններու համար ճշդուող մարտավարական սկզբունքներուն վրայ։ Բայց երկարաշունչին առընթեր, ռազմավարական հայեցակարգի մշակումը, իրականացնելի գործողութիւններու եւ անոնց ժամանակացոյցի ճշդումը պարտադիր են դուրս գալու համար պատահականութեան եւ յանկարծակիութեան գործօնի յառաջացուցած իրավիճակէն։
Ապրիլ 9-էն աւելի կարեւոր կրնայ նկատուիլ մայիս 5ը՝ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու օրը։ Ճիշդ է, որ ընդդիմութիւնը այս հանգրուանին համար եւս չյաջողեցաւ միաւորուիլ եւ առաջադրել միասնական թեկնածու։ Այսուհանդերձ, քաղաքական օրակարգերու ճշդումն ու համատեղ խորհրդակցութիւններէ եւ քննարկումներէ բխած համակարգուած աշխատանքն են միայն, որոնք կրնան յաջողիլ յանգիլ էական փոփոխութիւններու։ Այլապէս, անջատ քայլերը, չհամադրուած եւ չհամաձայնեցուած որոշումներն ու յայտարարութիւնները ուժերու տարտղնումի կարգով կը ջլատեն շարժումը։
Մինչեւ մայիս 5-ը եւ անկէ անդին անշուշտ՝ ընդդիմադիր դաշտին մէջ քաղաքական օրակարգի շուրջ համաձայնութիւն մը կրնայ որակական փոփոխութիւն բերել, նոր յուսադրումներու առաջնորդել եւ շարժումին ապահովել նպատակաուղղուած,հետեւողական եւ երկարաշունչ աշխատելաձեւի նոր եղանակներ։ Ա՛յս գործընթացն է, որ բացառապէս կրնայ ձեռք ձգել տեսանելի արդիւնքներ։
«Ա.»

