Ամերիկեան Մէյն Նահանգը Ընդունեց Եւ Ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութիւնը

Լուսանկարը՝ Նանոր Պարսումեանի
«The Armenian Weekly»

Միացեալ Նահանգներու հիւսիսարեւելեան Մէյն նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը եւ Ծերակոյտը միացեալ բանաձեւ մը ընդունած են եւ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Աւելի՛ն, ծերակուտականները կոչ ուղղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին` աջակցելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ ժողովրդավարական անկախութեան:

Բանաձեւը, զոր ներկայացուցած է քոնկրեսական Սքոթ Համան, կը պահանջէ Օպամայէն եւ Քոնկրեսէն քայլեր ձեռնարկել, որպէսզի Արցախը ներգրաւուի միջազգային հանրութեան մէջ, իսկ ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս շրջանին մէջ տագնապը արդար եւ վերջնական լուծում ստանայ:

Մէյն Միացեալ Նահանգներու երրորդ նահանգն է, որ այսպիսի բանաձեւ կ՛ընդունի: Նախապէս այսպիսի նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էին Ռոտ Այլընտ եւ Մասաչուսեց:

 

Share this Article
CATEGORIES