Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրուան նախաձեռնութիւնները ինչ որ ըլլան, առեւտուր կամ ընկերային, ընտանեկան գործառնութիւն, ամէն գործ ամէն մարզի մէջ յաջող պիտի ընթանայ: Իրաւամբ հիանալի օր մը` ձեզի համար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բախտ փորձելու օգտաշատ եւ բախտաբեր օրն է այս, ուրեմն օգտուեցէք ստեղծուած նպաստաւոր առիթներէն: Մի՛ խուսափիք այս առիթէն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վճռական էք ձեր որոշումները իրագործելու, բայց պէտք ունիք ուրիշներու օգնութեան, հետեւաբար համբերութեամբ շարունակեցէք ձեր աշխատանքին իրագործման ճամբով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հաւատք ունեցէք ձեր որոշած ծրագիրներուն: Դուք եղէք առաջին ուրախացողը, առաջին ընկերը եւ առաջին պաշտպանը ձեր գործին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր կամքին ուժը եւ հարցերը հետապնդելու վճռակամութիւնը ձեզ պիտի առաջնորդեն ձեր ուզած տեղը: Պիտի կատարուի ձեր փափաքը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի ունենաք սքանչելի նախազգացում, որով պիտի կարենաք իրագործել ձեր հետապնդած ձեռնարկը: Յաղթական պիտի ըլլաք ուրիշներէն առաջ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ծրագիրները պիտի ունենան նոր եւ դրական դարձուածք մը: Յաջողութիւնը պիտի ընկերանայ ձեզի: Վստահութիւն ունեցէք ապագային հանդէպ: Ինքնալքումը ոչինչ կու տայ ձեզի, կը վնասէ միայն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխատանքի մարզին մէջ անակնկալ ժողով մը կամ հանդիպում մը ձեր ժամանակը պիտի խլէ եւ քիչ մը պիտի խանգարէ շաբաթավերջի ձեր ծրագիրները: Հանդուրժողութեամբ շրջանցեցէք հարցը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր եռանդը եւ աշխատանքային կենսունակութիւնը պիտի օգնեն ձեզի` արձանագրելու նոր յաջողութիւններ այս եղանակին, այս օրերուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Թոյլ տուէք, որ ձեր հրապոյրը տեսնուի ձեր շրջանակին մէջ: Ինքնավստահութեամբ գործեցէք, որպէսզի յուսալքումը հեռանայ ձեզմէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ տնտեսական կամ դրամի վերաբերեալ հարց ունենաք, մի՛ մտահոգուիք: Հարցը պիտի լուծուի շուտով` շնորհիւ ձեր ունեցած բարեմասնութիւններուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կատարեցէք ընտանեկան ձեր պարտականութիւնները: Ներկայիս անփոյթ մնալը կը վնասէ ձեր վարկին եւ ձեր եկամուտին: Աշխատեցէք:

