50 Տարի Առաջ (12 Ապրիլ 1963)

Խմբագրական

Յոյսի Տօնը

Քրիստոնեայ մարդկութիւնը հազարամեակներէ ի վեր ջերմեռանդ հաւատքով եւ խոր երկիւղածութեամբ կը տօնէ Քրիստոսի յարութիւնը, կեանքին յաղթանակը մահուան դէմ, լոյսին տիրապետութիւնը խաւարին վրայ:

Իր գերեզմանին ծանր քարերը տապալող եւ իր աստուածային լոյսին ջինջ մաքրութեամբը իր պահակներուն աչքերը շլացնող Աստուածորդին դարեր շարունակ եղած է խորհրդանիշը այն յոյսին, որ ունեցած է մարդկութիւնը` կտրելու իր հոգիին կապանքները եւ անմահութեան ճամբով` իրագործելու իր լինելութեան շաւիղը:

Մեսիան, որ մարգարէներու գուշակութեամբ պիտի իջնէր երկինքէն, ծնած էր մսուրի մը մէջ, խոնարհագոյն պայմաններու ներքեւ, իբրեւ մարդ: Եկած էր սէր քարոզելու եւ ատելութիւն հնձելու: Եկած էր փրկելու մեզ իր ա՛նձը զոհելով: Եկած էր ինք խաչը ելլելու եւ մեզ խաչէն վար առնելու:

Ու այսօր, հակառակ նիւթին տրուած նախապատուութեան, իւրաքանչիւր մարդ իր հոգիին մէջ կ՛ապրի իրագործումը այն աստուածային պատգամին, որ Աստուծոյ որդին իր անձին օրինակով տուաւ տառապող մարդկութեան:

Քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, հայ ժողովուրդը, իր կեանքով ու պատմական հոլովոյթով, ամէնէն աւելի հաւատաց աստուածային պատուիրաններուն եւ քրիստոնէական վարդապետութեան հիմնական սկզբունքները դարձուց հանգանակ, գերազանց կեանքի ապրում` Քրիստոսի խաչելութեան եւ անոր յարութեան մէջ տեսնելով ի՛ր իսկ կեանքին նախապատկերը, իր իսկ առաքելութեան շաւիղը:

Հակառակ գերեզմանի ծանր քարին, որով ուզեցին յաւիտենապէս բանտել ազատատենչ հայութիւնը, ան գերբնական զօրութեամբ մը, որ իր հաւատքին ուժով կը բազմապատկուէր, խորտակեց բոլոր կապանքները, զոր փորձեցին դնել իր ազատ խոյանքներուն վրայ` հոգեպէս քայքայելու, հոգեպէս մահացնելու համար «փոքր ածու»-ն, որ լաւապէս ըմբռնած էր քրիստոնէական կրօնին խորունկ իմաստը ու` ատով գօտեպնդուած:

Քրիստոս ունեցաւ իր գողգոթան: Խաչուեցաւ աւազակներու միջեւ, ծաղրուեցաւ, անարգուեցաւ, նախատուեցաւ: Նոյնը կարելի չէ՞ ըսել միթէ մեր ժողովուրդին մասին, որուն գողգոթան նոյնքան տաժանելի եղաւ, որուն հանդէպ գործուած անարդարութիւնը նոյնքան անագորոյն էր, նախատինքը` նո՛յնքան ծանր: Բայց ինչպէս Քրիստոսի գերեզմանին վրայ դրուած ծանր քարերը չէին կրցած յաւիտենապէս բանտել լոյսը, այնպէս ալ, մեր բոլոր թշնամիները չկրցան գերեզմանել հայ ժողովուրդը, որ իմացեալ մահով անմահութիւնը գրկեց` չարիքի ուժերուն վրայ տանելով մեծագոյն յաղթանակներուն, արդարներո՛ւն յաղթանակը:

Հայ ժողովուրդը իր այս գեղեցիկ յաղթանակը տարաւ, որովհետեւ հաւատաց, թէ անմահութեան յոյսը բոլոր յոյսերուն գումարն է, հոգիին գերակշռութիւնն է մարմնին վրայ, ոգիին գերակշռութիւնը` նիւթին վրայ: Ան հեռակէտն է, ուր կը սեւեռին մեր աչքերը, երբ մարմինով պարտասինք, հոգիով տկարանանք, մտքով դեդեւինք: Երբ վերջապէս մենք մեզ գտնենք մեծ Առեղծուածին առջեւ, որ մեծ Դատարկութիւնն է:

Այդ դատարկութիւնը լեցնող, զայն հաստատուն հաւատքի մը վերածող գոյացութիւնն է յարութեան խորհուրդը, որ մարդուն, ինչպէս ժողովուրդներուն կու տայ անմահութեան յոյսը եւ այդ յոյսին գոյութեամբ կը պայմանաւորէ մեր կեանքը:

Ապրիլեան եղեռնէն, ազգային գողգոթայէն վերածնած հայութիւնը յարութեան խորհուրդին կու տայ իմաստ եւ փաստը անմահութեան, որուն իրականութեամբ միայն կարելի է բացատրել արեան ու հուրի ճամբաներէն անցած, բայց միշտ իր հոգիին ազատութիւնը անկաշկանդ պահած հայութեան վկայութիւնը:

Յարութեան տօնը յոյսի տօնն է, յոյսը տառապող մարդկութեան, որ Մեծ Առեղծուածին դիմաց, իր հոգեկան պարապութիւնը կը լեցնէ հաւատքին հուրով:

 

Աւագ Ուրբաթի
Թաղումի
Արարողութիւնները

Երէկ, Աւագ ուրբաթի թաղումի տխուր արարողութիւնները կատարուեցան պատշաճ հանդիսութիւններով, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

Պաշտօնական հաստատութիւնները փակ մնացին ամբողջ օրը: Յետմիջօրէին այլ գործատեղիներ նոյնպէս փակեցին իրենց աշխատանոցները: Եկեղեցիները դարձեալ լեցուեցան խուռներամ հաւատացեալներով:

Քրիստոսի կրած չարչարանքներուն իմաստը բովանդակող, չարիքը բարիքով փոխադարձելու, կարենալ հոգեկան բաւարարութիւն մը զգալու եւ անսահման ներողամտութեան ոգիով լեցուելու` քրիստոնէական կրօնին ամէնէն դաստիարակիչ քարոզները խօսուեցան ամէնուրեք:

Share this Article
CATEGORIES