Արուեստի Աշխարհէն. Ծափահարութեան Պատմութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐ ՄՏԱԾԵԼ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՄԱՐԴԻԿ ԻՐԵՆՑ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ԿԸ ՉԱՓԷԻՆ ԾԱՓՈՎ: «ՏԻ ԱԹԼԱՆԹԻՔ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ ԵՒ ՀԱՃԵԼԻ ՈՃՈՎ ԳՐՈՒԱԾ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՅՍ ՀԶՕՐ ԱՐՏԱՅԱՅՏՉԱՄԻՋՈՑԸ, ԻԲՐԵՒ ՈՒԺԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ, ԲԱՑ ՇՈՒԿԱՆԵՐԷՆ, ԱՄՓԻԹԱՏՐՈՆՆԵՐԷՆ ԵՒ ԴԱՇՏԵՐԷՆ ԵՂԱՓՈԽՈՒԵԼՈՎ` ՀԱՍԱԾ Է ԹՈՒԱՅՆԱՑԱԾ ԱՇԽԱՐՀ:
Երբ 7-րդ դարուն կը քայքայուէր Հռոմէական կայսրութիւնը, Հերակլէս կայսրը կը ծրագրէր հանդիպում մը` բարբարոս թագաւորի մը հետ: Ան գիտէր, թէ հռոմէական տկարացած բանակը այլեւս ահ ու սարսափ չէր սփռեր, մանաւանդ երբ թիրախը բարբարոս մըն էր: Հետեւաբար կայսրը վարձեց խումբ մը մարդիկ` իբրեւ նեցուկ իր լեգէոններուն: Սակայն` ոչ այնքան զինուորական նպատակներով, որքան` երաժշտական: Ան մարդիկը վարձած էր, որպէսզի ծափահարէին:
Հերակլէս որդեգրած էր աղմուկով ահ ու սարսափ սփռելու մարտավարութիւնը, սակայն ասիկա ոչ մէկ ձեւով յաջողեցաւ փրկել արիւնահեղութենէ տառապող կայսրութիւնը: Այսուհանդերձ, արարքը պատշաճ «յետգրութիւն» մըն էր, որ կ՛արժեւորէր կայսրութեան երկարամեայ մէկ սովորութիւնը` ծափելը, աշխարհի ամէնէն հին եւ տիեզերական հաղորդակցութեան ձեւը: Հին աշխարհի մէջ ծափահարելը ոչ միայն գնահատանքի նշան էր, այլ նաեւ հաղորդակցութեան միջոց մըն էր: Այլ խօսքով, ուժ էր, իրեն յատուկ ձեւով: Անիկա դիւրաբեկ եւ տկար մարդ արարածին կ՛օգնէր, որ ձեռքերը իրարու զարնելով` վերստեղծէր բնութեան «որոտացող» ձայները:
Այսօր ծափահարութիւնը գրեթէ նոյն դերը կը կատարէ: Համերգասրահին մէջ, թատերասրահին մէջ, կամ հոն, ուր հանրութիւնը կը դառնայ հանդիսատես, մարդիկ իրենց ափերը իրարու կը զարնեն արտայայտելու համար իրենց գնահատանքը, հաղորդակցութեան կապ մը ստեղծելու համար ընդարձակ փակ տարածքներու մէջ: «Երբ կը ծափահարենք կատարողի մը, խորքին մէջ հեռուէն կը գգուենք անոր ուսը», կ՛ըսէ ընկերաբան Տեզմընտ Մորիս: Կը ծափահարենք պարտաճանաչ գիտակցութեամբ, կը ծափահարենք քաղաքավարօրէն, կը ծափահարենք խանդավառ կամ հեգնական:
Կարճ խօսքով, կը գտնենք ձեւը մենք մեզ ներկայացնելու բազմութիւններուն մէջ, նոյնինքն` մեր աղմկելու կարողութեամբ:
Սակայն մենք նաեւ կը վերստեղծենք ծափահարութիւնը աշխարհի մը մէջ, ուր ձեռքեր գոյութիւն չունին: Կը ծափահարենք` Դիմատետրի վրայ մէկզմէկու կատարած նորագոյն հրապարակումներուն, կը բաժնենք զանոնք եւ կ՛ուղարկենք ուրիշներուն: Թուիթըրի վրայ կը տարածենք զանոնք, մեր պլոկերուն մէջ կը վերարտադրենք լաւ նիւթերը, եւ աւելի կը բարձրացնենք անոնց աղմուկը: Բարեկամներ եւ հետեւորդներ կը շահինք, կը յանձնարարենք եւ կը նշենք` քաջ գիտնալով, որ ընկերային կապեր հաստատող համացանցի կայքերուն մէջ անհամար հանդիսատեսներ իրենց կարգին կրնան որոտացնել իրենց գնահատանքը: Կը գտնենք մեր խանդավառութիւնը, փափաքները եւ զգացումները արտայայտելու եւ փոխանցելու նոր միջոցներ: Կը գտնենք անսպասելի կերպով մեզի ծառայող միջոցներ` յաճախ բազմութիւններու նուրբ եւ աշխուժ շարժումներէն բխած: Կը ծափենք, որովհետեւ կ՛ակնկալուի մեզմէ, կը ծափենք, որովհետեւ պարտաւոր կը զգանք, կը ծափենք, երբ բան մը ամբողջութեամբ կը հմայէ մեզ, կը ծափենք, որովհետեւ առատաձեռն ենք, անձնասէր ենք, կը զիջինք կամ կ՛ոգեւորուինք, կը ծափենք, որովհետեւ մարդ ենք:
Այստեղ կը ներկայացնենք, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը ծափէին, երբ միայն իրենց ձեռքերը ունէին իբրեւ միջոց կամ ինչպէ՛ս կը սիրէին բան մը` նախքան զայն համացանցի վրայ «սիրելը»: Ծափահարելը, միաժամանակ իբրեւ մասնակցողի եւ դիտողի արարք, զանգուածային լրատուութեան կանուխ ձեւ մըն էր, որ ակնթարթի մէջ տեսողական եւ լսողական կապ մը կը ստեղծէր մարդոց միջեւ, ինչպէս նաեւ` մարդոց եւ իրենց ղեկավարներուն: Հանրային զգացումներու վերլուծումի ձեւ մըն էր, որ ի յայտ կը բերէր իրարու հետ կապ ունեցող անձերու հաւատարմութիւններն ու ցանկութիւնները:
Ծափահարութիւնը ինքնին տեղեկութեան մեծ աղբիւր էր` նախքան տեղեկութիւններու շտեմարաններու յայտնութիւնը:
Բազկերակ Չափելու Միջոց Մը
Մասնագէտներ չեն գիտեր, թէ ճիշդ ինչպէ՛ս ծնունդ առած է ծափահարութիւնը: Անոնք պարզապէս գիտեն, թէ ծափելը շատ հին, շատ սովորական եւ շատ յարատեւող բան մըն է: Մարդկային մշակոյթի յատկանշականօրէն կայուն մէկ երեւոյթը: Նորածիններ կը ծափեն, յատկապէս բնազդաբար, Աստուածաշունչին մէջ ծափահարութիւնը բազմիցս կը նշուի` իբրեւ գնահատանքի եւ ցնծութեան արտայայտութիւն:
Սակայն, գէթ արեւմտեան մշակոյթին մէջ ծափելը պաշտօնականացած է թատերասրահին մէջ: «Փլաուտիթ» (ծափահարութիւն) բառը լատիներէնի մէջ կը նշանակէ «հարուածել», նաեւ` «պայթիլ»: Ծափահարութիւնը թատերախաղ մը աւարտելու սովորական ձեւն էր: Ներկայացումի մը աւարտին գլխաւոր դերակատարը կը բացագանչէր. «Վալեթ էթ փլաուտի՛թ» (հրաժեշտ եւ ծափահարութի՛ւն), դարեր շարունակ թատրոնի ծառայողներու նախասիրած նուրբ ձեւն էր այս` հանդիսատեսին հասկցնելու, թէ ժամանակը եկած է արտայայտելու իր գնահատանքը:
Մինչ թատրոնն ու քաղաքականութիւնը կը միաձուլուէին, մասնաւորաբար երբ Հռոմէական հանրապետութիւնը կը վերածուէր Հռոմէական կայսրութեան, անդին` ծափահարութիւնը ղեկավարներու համար կը դառնար իրենց քաղաքացիներուն հետ անմիջական (անշուշտ նաեւ բոլորովին անուղղակի) հաղորդակցութեան միջոց: Քաղաքական ղեկավարներ ժողովուրդին քով իրենց վարկը կը չափէին ամփիթատրոն մտնելու պահուն իրենց ստացած ծափողջոյններով: (Կիկերոն իր նամակներուն մէջ համոզումով կը գրէ, թէ հռոմէացի ժողովուրդին զգացումները ամէնէն աւելի լաւ կ՛արտայայտուին թատրոնին մէջ): Քաղաքական ղեկավարներ դարձած էին ծափահարութեան չափը ճշդող սուր գործիքներ` կարդալով ձայնաստիճանի, արագութեան, կշռոյթի եւ տեւողութեան մանրամասնութիւններ, բազմութիւններուն ծափերէն դատելով քաղաքական կեանքի մէջ իրենց ճակատագիրը:
«Նոյնիսկ կարելի է մտածել, թէ ասիկա համազօր է հին ժամանակներու հարցախոյզի մը,- կ՛ըսէ Ուիսքոնսընի համալսարանին մէջ պատմութեան եւ մարդասիրական գիտութիւններու դասախօս Կրեկ Ալտրեթ:- Այս ձեւով կարելի է չափել մարդոց տրամադրութիւնները, այս ձեւով կարելի է գաղափար մը ունենալ անոնց զգացումներուն մասին»: Նախքան հեռաձայնով հարցախոյզեր կատարելը, բջիջային հեռաձայնով քուէարկելը, համացանցի վրայ կարծիքներ հաւաքելը, հռոմէացի ղեկավարները ժողովուրդին մասին գիտելիք կը հաւաքէին` ականջ տալով անոնց ծափահարութեան: Անոնք միաժամանակ մարդ էին եւ քաղաքական ղեկավար, հետեւաբար իրենց հաւաքած արդիւնքները կը բաղդատէին այլ ղեկավարներու հաւաքած գիտելիքներուն հետ, այսինքն` այլ ղեկավարներու ստացած ծափողջոյններուն: Երբ Կալիկուլա կայսրը նկատած է, որ դերասան մը շատ աւելի նպաստաւոր ծափողջոյններ ստացած է, քան` ինք, ըսած է. «Կը ցանկայի, որ հռոմէացի ժողովուրդը ունենար մէկ վիզ»:
Կալիկուլա առաջին եւ վերջին քաղաքական ղեկավարը չէր, որ հաշուած էր «հարցախոյզի» մը արդիւնքը, այնպէս` ինչպէս Շէյքսփիր առաջին եւ վերջինը չէր, որ աշխարհը եւ անոր իրադարձութիւնները դիտած էր իբրեւ անվերջ թատերախաղ մը: Հռոմի մէջ, ինչպէս նաեւ այն հանրապետութիւններուն, որոնք հետագային պիտի փորձէին ընդօրինակել զայն, թատրոնը քաղաքականութիւն էր եւ քաղաքականութիւնը` թատրոն: «Հոն նոյնիսկ ղեկավար ըլլալ կը նշանակէր դերասան ըլլալ,- կ՛ըսէ Ալտրեթ:- Երկուքն ալ կը ձգտին արժանանալ հանդիսատեսին գնահատանքին»: Առասպելի համաձայն, Օգոստոս կայսրը իր մահէն առաջ ըսած է. «Եթէ դերս լաւ խաղցայ, ապա ծափեցէք ինծի համար եւ բեմէն հրաժեշտ տուէք ծափահարութեամբ»:
Հետեւաբար, հնադարեան աշխարհի խելացի ղեկավարները կ՛ապաւինէին նոյն այն միջոցին, զոր յաճախ օգտագործած են նաեւ արդի աշխարհի խելացի ղեկավարները. այսինքն` հակառակորդին մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու միջոցը: Կիկերոն իր բարեկամները կ՛ուղարկէր, որպէսզի շրջէին թատերավայրերու շուրջ եւ նոթեր արձանագրէին ամփիթատրոն ժամանած իւրաքանչիւր քաղաքական ղեկավարի ստացած ընդունելութեան վերաբերեալ: Անոնք պէտք էր նշէին, թէ ո՛վ ժողովուրդին սիրելին էր եւ ո՛վ չէր: Իսկ Կիկերոնի «ծափ չափող» մարդիկը պարտաւոր էին ուսումնասիրել իրենց հասած տեղեկութիւնները: «Հնադարեան ժամանակներու բազմութիւնները շատ աւելի մասնակցութիւն կը ցուցաբերէին եւ շատ աւելի կը հակազդէին, քան` այսօրուան բազմութիւնները,- կը նշէ Ալտրեթ:- Աշխուժ փոխազդեցութիւն եւ փոխանակում կ՛արձանագրուէր ճառախօսներուն եւ բազմութիւններուն միջեւ: Մասնաւորաբար յունա-հռոմէական աշխարհին մէջ եւ մանաւանդ քաղաքներու բազմութիւնները իրապէ՛ս շատ վարժ էին իրենց տրամադրութիւնները արտայայտելու կշռութաւոր ծափերով, որոնց երբեմն կանչեր կ՛ընկերակցէին»: Գոյութիւն ունէր ծափերու եւ կանչերու ծածկագիր լեզու մը, «որ իրապէս կատարելագործուած էր», կ՛ըսէ ան:
Աղիւսներ, Սալիկներ, Մեղուներ
Հռոմէական հանրապետութեան վերջին ժամանակներուն եւ կայսրութեան առաջին ժամանակներուն, այսինքն Ն.Ք. առաջին դարերէն մինչեւ Յ.Ք. առաջին դարերը ծափահարութեան ձեւերը հետզհետէ աւելի փարթամ բնոյթ ստացան: Մինչ մէկ անձի շուրջ կեդրոնացած ուժը սկսաւ փոխանցուիլ կեսարէ կեսար, ծափահարողները սկսան ցուցաբերել շատ աւելի կանոնաւոր եւ նրբերանգներով հարուստ ձեւեր: Ծափահարելը այլեւս սոսկ երկու ափերը իրարու զարնելու շարժում մը չէր: Թէեւ յունա-հռոմէացի հանդիսատեսները վստահաբար կը ծափէին այնպէս, ինչպէս մենք կը ծափենք այսօր, սակայն ծափահարութեան ընդհանուր մարտավարութիւնը շատ աւելի տարբեր էր եւ այլազան, քան` սոսկ ծափելը: Ծափահարութիւնը կ՛որոտար, սակայն նաեւ կը բզզար եւ կը խայտար: Բազմութիւնները զարգացուցած էին անձ մը կամ անձեր որոշ չափով արժեւորող ծափի ձեւեր, օրինակ` ափերը իրարու զարնելով, բութամատը ցուցամատին զարնելով կամ շրջազգեստին ծայրը թափահարելով: Օրիլիան կայսրը այս վերջինը փոխարինել տուած էր յատուկ թաշկինակով մը, զոր բաժնած էր Հռոմի քաղաքացիներուն, որպէսզի անոնք միշտ իրենց ձեռքին ունենային զինք փառաբանելու միջոցը:
Հռոմի ընդարձակումը եւս իր ներգործութիւնը ունեցած էր ծափահարութեան ծէսերուն վրայ: Ներոն դէպի Աղեքսանդրիա ուղեւորութեան մը ընթացքին այնքա՛ն տպաւորուած էր եգիպտացիներուն «աղմկելու» ձեւով, որ պատմաբանի մը համաձայն, Աղեքսանդրիայէն ծափողներ հրաւիրած էր եւ չգոհանալով` աւելի քան 5 հազար երիտասարդներու սորվեցնել տուած էր աղեքսանդրիացիներուն ծափելու ձեւը: Անոնք պէտք էր ծափերով փառաբանէին զինք, ամէն անգամ որ երգէր: Պատմաբանը կը նշէ, թէ ծափողները ղեկավարող անձերը կը վճարուէին այս գործին համար:
Ներոնի ցանկութիւնն էր ընդօրինակել աղեքսանդրիացիներուն «աղմկելու» տարբեր ոճերը: Այդ ժամանակներու գրութիւններուն մէջ ծափերը կը բաժնուին երեք տեսակներու եւ կը բնորոշուին իբրեւ «աղիւսներ», «տանիքի սալիկներ» եւ «մեղուներ»: Կը թուի, թէ առաջին երկուքը համազօր են այսօրուան մեր ծափելու հասկացողութեան: «Աղիւսները» կը նկարագրեն ափերը տափակ վիճակի մէջ իրարու զարնելու ձեւը, «տանիքի սալիկները», որոնց բացատրութիւնը կու գայ հռոմէական ճարտարապետութեան յատուկ երդիքի ոլորուն սալիկներէն, կը նկարագրէ ափը գաւաթի նման ծռելով ծափելու ձեւը: Երրորդը կը թուի, թէ կ՛ակնարկէ մարդկային ձայնի համազօր, քան թէ` մեքենական ծափահարութեան. բզզիւնի կամ խանդավառ մրմրալու: Նման ձայնով մէկտեղուած բազմութիւն մը պիտի հնչէր մեղուներու հսկայական խումբի մը պէս:
Հռոմէական Ամփիթատրոնը`
Այսօրուան Թուիթըրը
Հետեւաբար ծափահարելը ձեւով մը վերածուած է քաղաքական արհեստագիտութեան. գործիքի մը, զոր կը գործածէին իշխողները եւ իշխուողները` իբրեւ հաղորդակցելու միջոց: Անշուշտ այս երեւոյթը միայն Հռոմի յատուկ չէր, ոչ ալ` հնադարեան աշխարհին: Սոլժենիցին իր «Կուլակ արշիպեղագոս» գիրքին մէջ կը նկարագրէ համայնավար կուսակցութեան արուարձանային մէկ ժողովը, որուն կը մասնակցի Ժոզեֆ Ստալին: Ներկաները ոտքի կը կանգնին` իրենց ղեկավարը դիմաւորելու համար ծափողջոյններով, որ կ՛երկարի եւ կը տեւէ 10 վայրկեան: Անշուշտ Ստալինի համբաւը իրմէ մեծ էր եւ ոչ ոք կ՛ուզէր ըլլալ բռնատէրին համար իր ծափը դադրեցուցած առաջին անձը: Ի վերջոյ թուղթի գործարանի մը տնօրէնը նստած էր` առիթ տալով, որ բազմութիւնը հետեւի իրեն: Ժողովէն ետք ան ձերբակալուած էր:
Սակայն խորհրդային ժամանակներու բռնատիրութիւնը դժուար էր պահպանել` նոյնինքն բռնատէրին դիտանկիւնէն եւ յատկապէս Հռոմէական կայսրութեան նման ընդարձակ կայսրութեան մը տարածքին: Հռոմէացի ղեկավարներ իրենց նուաճած հողերուն վրայ կանոնաւոր կերպով ամփիթատրոններ եւ մրցարաններ կը կառուցէին` մէկ կողմէ իրենց հպատակներուն մէջ ամրապնդելու համար «հռոմէական» զգացողութիւնը, միւս կողմէ` ստեղծելու համար վայր մը, ուր կարելի էր հրապարակաւ «ղեկավարել» հանրութիւնը: Ամփիթատրոնը մէկտեղումի վայր մըն էր: «Օրինական կայսր մը դառնալու համար պէտք էր ներկայանալ հանրութեան եւ արժանանալ ժողովուրդին ծափահարութեան», կ՛ըսէ Ալտրեթ: Հետեւաբար ամփիթատրոնները հռոմէացիներուն պատասխանն էին այսօրուան ձայնասփիւռին եւ պատկերասփիւռին, հնադարեան ժամանակներու վերամարմնաւորումը` այսօրուան Թուիթըրին, ԵուԹիւպին եւ Ռետիթին: Անոնք իշխանաւորներուն առիթ կու տային փոխադարձ յարաբերութիւն մշակելու իրենց քուէարկող զանգուածներուն հետ: Անոնք կ՛ընձեռէին քաղաքական ազատութեան եթէ ոչ իրականութիւնը, գէթ` խաբկանքը: Իսկ ծափահարութիւնը, որ միաժամանակ միջոց էր եւ պատգամ, այս ցուցական ներկայացումին գործիքն էր: Մարդիկ զայն գործածելով կը պատասխանէին իրենց ղեկավարներուն` բզզալով մեղուներու պէս եւ ծափելով որոտումներու հետեւողութեամբ:
Տեսարանը, որ կը պարզուէր, ինքնին կը վաւերացնէր եւ կը զօրացնէր Հռոմի ուժը: «Երբ ունիս բազմութիւն մը, որ կը կանչէ «Ողջո՛յն կեսարին», այս կանչով կը կերտուի կայսր մը», կը նշէ Ալտրեթ:
«Քեզի Ըսի՛, Որ Ծիծաղաշարժ Է»…
Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ ուժի տէրերը սկսան գործի վերածել բազմութիւնները ղեկավարելու սովորութիւնը: Իսկ բազմութիւնները իրենց ամբողջ իմաստութեամբ հանդերձ, տխրահռչակ են իբրեւ ղեկավարելի տարր: Հռոմ իր ամփիթատրոններուն մէջ ականատես դարձաւ հանրութեան մէջ գրգռութիւններ յառաջացնող արհեստավարժներու նոր դասակարգի մը. վարձկաններ, որոնք բազմութիւններուն մէջ կը թափանցէին` ղեկավարելու համար անոնց հակազդեցութիւնը` իշխանաւորներու ելոյթներուն: Կը թուի, թէ այս սովորութիւնը նախ կիրարկած են դերասանները, որոնք խանդավառ անձեր կը վարձէին, որպէսզի հանդիսատեսներուն մէջ տարածուելով` երկարաձգէին իրենց ստացած ծափահարութիւնները, կամ յանդուգն թէ վհատութեան վայրկեաններու գովասանական բացագանչութիւններ արձակէին բազմութեան մէջ: Նաեւ նման «լաուտիչենի»-ներ կամ «պնակ մը ճաշի համար ծափողներ» կը վարձուէին, որպէսզի մրցակիցներու ներկայացումներուն ընթացքին արհամարհական բացագանչութիւններ արձակէին:
Սովորութիւնը տարածուեցաւ դատական ատեաններու մէջ, ուր իրաւաբաններ արհեստավարժ ամբոխավարներ կը վարձէին, որպէսզի հակազդէին վէճերուն եւ շեղէին դատաւորներուն ուշադրութիւնը: Եւ անշուշտ այս սովորութիւնը նաեւ թափանցեց քաղաքականութեան մէջ, ինչպէս թատրոնի յատուկ բազմաթիւ տարրեր ի վերջոյ կը թափանցեն քաղաքական դաշտ: Առասպելի համաձայն, Ներոն 5000 զինուորներու պարտականութիւն տուած է գովաբանելու իր բեմական կատարումները: Դարեր ետք Միլթըն Պերլ ծիծաղի ձայնագրութեան հիմնադիր Չարլզ Տուկլասէն պիտի խնդրէր խնդուքի ձայներ աւելցնել իր այն կատակերգութիւններուն մէջ, որոնք չէին յաջողեր ծիծաղ յառաջացնել: «Կը տեսնե՞ս, քեզի ըսի՛, որ ծիծաղաշարժ է», կ՛ըսէր կատակաբանը, երբ Տուկլաս կը կատարէր պահանջը: Հռոմէացիք եւս կը կատարէին նմանօրինակ միջամտութիւններ: Պարզապէս անոնք պէտք էր գոհանային իրական զեղծարարներով:
Դարեր ետք նաեւ ֆրանսացիք պիտի օրինականացնէին խանդավառութիւն ստեղծող վարձկաններ գործի լծելու երեւոյթը եւ պիտի կիրարկէին «քլաք»-ի (ապտակ) սովորութիւնը: 16-րդ դարու ֆրանսացի բանաստեղծ Ժան Տորաթ յաճախ կը փառաբանուի կամ կը մեղադրուի իբրեւ զայն վերակենդանացուցած անձը: Ան տրցակ մը տոմս կը գնէր եւ զանոնք կը բաժնէր անոնց, որոնք կը խոստանային ծափահարել իր ներկայացումներուն աւարտին: 1820-ական տարիներու սկիզբը «քլաք»-ը օրինականացաւ, երբ Փարիզի մէջ ընկերութիւն մը սկսաւ մատուցել խանդավառութիւն ստեղծող վարձկաններ տրամադրելու սպասարկութիւն մը: Քաղաքավար ծափահարութիւնը կ՛արժէր որոշ գումար մը, խանդավառ ծափահարութիւնը ունէր իր սակը, մրցակիցներու դէմ մարտահրաւէր ուղղելը ունէր տարբեր գին:
«Քլաք»-ը նաեւ ունէր իր դասաւորումները: Կային խնդացողները, որոնք բարձրաձայն կը ծիծաղէին կատակի առիթով, կային լացողները, որոնք կեղծ արցունք կը թափէին թատերախաղերու հակազդելով, կային «զինուորականները», որոնք գոց կը սորվէին թատերախաղ մը կամ երաժշտական կտոր մը եւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէին անոր լաւագոյն մասերուն վրայ: Ոմանք «կը խտղեցնէին», այսինքն հանդիսատեսը կը պահէին լաւ տրամադրութեան մէջ, իսկ «ծափերով դարձեալ կատարում մը պահանջողները» կը ծառայէին ստեղծելու այն տպաւորութիւնը, թէ առաջին կատարումը յայտնապէս մեծ հրճուանք պարգեւած էր:
Փարիզի մէջ տարբեր առիթներով ընդհանրացած այս սովորութիւնը տարածուեցաւ նաեւ Միլանոյի, Վիեննայի, Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ եւ ի վերջոյ դարձաւ հնամաշ: Անիկա կորսնցուց իր զօրութիւնը, երբ մարդիկ սկսան գիտակցիլ ի գործ դրուած հնարքներուն:
Դանդաղ Ծափը
Ինքնին ծափելը եղափոխուեցաւ: Համանուագներ եւ օփերաներ ստացան աւելի լուրջ բնոյթ` պարտադրելով կրօնական արարողութիւններու յատուկ ակնածանք եւ ոգեկանութիւն: Ձայնագրութեան յայտնագործումով, երբ կատարումները կարելի էր մեքենական ձեւով վերարտադրել, ծափերը աւելի մեղմացան: Տեղին ծափելը եւ տեղին լուռ մնալը դարձաւ մշակուած կրթութեան ցուցանիշ, եւ հանդիսատեսներ պարտաւորուեցան սորվիլ ծափելու նոր լեզու մը: Ծափահարութիւնը դարձաւ «ծափելու» եւ «չծափելու», «միայն ծափելու» եւ «միայն չծափելու», «լռութեան» կամ «վերացումի» հարց` կորսնցնելով իր երբեմնի երանգներն ու նրբութիւնները: (1784-ի մէկ վկայութեամբ` «զարմանալի չէ, որ կատարեալ օփերայէ մը ետք Հռոմի մէջ հանդիսատեսներ աւելի քան մէկ ժամ մնան թատերասրահին մէջ` անդադար ծափելով եւ զուարճանալով, երբեմն նոյնիսկ խմբավարը աթոռի վրայ նստեցնելով եւ յաղթական դուրս բերելով նուագախումբին փոսէն»):
Նման փոփոխութիւններ կերպարանափոխեցին նաեւ կատարողը: Ծափահարութիւնը այլեւս հանդիսատեսին հետ երկխօսութեան միջոց մը չէր, այլ` դաժան առեւտուր մը անոր հետ: Անիկա կը խոստանար, բայց նաեւ կը ցաւցնէր: Կուսթաւ Մահլըր կը բացատրէր. «Հարցը աշխարհի կարծիքը իբրեւ ուղեցոյց աստղ ընդունիլը չէ, այլ` հետեւիլ սեփական ուղիին եւ աշխատիլ անսխալական, առանց վհատելու ձախողութեան դիմաց, ոչ ալ խաբուելու` ծափահարութեամբ»: Անգլերէն «քլափթրափ» բառը, որ կը նշանակէ ուռուցիկ պոռոտախօսութիւն, կու գայ 18-րդ դարու թատրոնէն, եւ ակնարկութիւն մըն է «ծափ խլելու հնարք»-ին:
Այսպէս, հռոմէական ամփիթատրոններու ծափերուն նրբութիւնները իրենց բազմերանգ իմաստներով հետագայ դարերուն կորսնցուցին իրենց կշիռը, սահմանուեցան եւ օրինականացան նոր չափանիշներով: Անոնք այլեւս վարձատրութեան փոխարէն` ակնկալութիւն են, սորվովի ծէս մը: Արուեստագէտներ կը նախազգային այս: Պարպրա Սթրայսընտ, որ կը վայելէ հանրութեան սէրը, առիթով մը յայտնած է իր դժգոհութիւնը. «Ի՞նչ իմաստ ունի, երբ մարդիկ կը ծափահարեն: Պէտք է դրա՞մ տամ իրենց: Շնորհակալութի՞ւն յայտնեմ, փէշս վե՞ր առնեմ: Միւս կողմէ` կրնա՛մ հակազդել ծափահարութեան բացակայութեան, այսինքն` հաղորդակցութեան կապի մը բացակայութեան»:

Կ’օգտագործենք թույանացած աշխարհին կարելիութիւնները՝ իբրեւ հրապարակային գովասանքը վերաձեւաւորելու միջոց։
Սակայն ներկայ ժամանակներուն սկսած ենք վերակենդանացնել նրբութիւնները: Սկսած ենք նոր ձեւեր գտնել` վերստեղծելու համար ծափահարութիւնը եւ զայն վերադարձնելու իր սկզբնական բնոյթին, զայն կիրարկելով իբրեւ հաղորդակցութեան ծածկագիր եւ հաւաքական միջոց մը: Անշուշտ ստեղծած ենք դանդաղ, միօրինակ, հակակշիռի տակ կրկնուող ծափը, յայտնագործած ենք գործիք մը (քլափըր) որուն միջոցով մեր ափերը կը խօսին ելեկտրական լոյսին հետ, ստեղծած ենք նոր միջոցներ` տարբեր տեղ գտնելու մեզի վերապահուած ծափահարութիւնները:
Սակայն ամէնէն աւելի կ՛օգտագործենք թուայնացած աշխարհին կարելիութիւնները` իբրեւ հրապարակային գովասանքը վերաձեւաւորելու միջոց: Համացանցի մեր կայքերուն ճամբով կը կապուինք, կը սիրենք, կը բաժնենք, բութամատը վեր` հաւանութիւն կ՛արտայայտենք: Համացանցի հսկայական թատերաբեմին վրայ մաս կը կազմենք ներկայացումին` պարզապէս մեր մասնակցութեամբ, ցոյց տալով մեր գնահատանքն ու համակրանքը, բարձրացնելով ներկայացումին աղմուկը, երկարաձգելով զայն: Մենք կը գիտակցինք այս նոր դերին, որ նոր աշխարհը տուած է մեզի: Մենք միաժամանակ հանդիսատեսն ենք եւ դերասանը: Մեր ծափահարութիւնը շատ իրական ձեւով մաս կը կազմէ ներկայացումին: Այլ խօսքով, բոլորս ձեւով մը վարձկան ծափողներ ենք:
Այսուհանդերձ, մեր ծափերը այժմ աւելի իմաստ ունին, որովհետեւ անոնք այլեւս անցողակի չեն: Անոնք ինքնին կատարումներ են, անոնց կատարած փառաբանութիւնները կը պահուին, կշռոյթները կ՛արձանագրուին, ձեւերը կը վերլուծուին եւ կը շահագործուին: Անոնք պատգամներ կ՛ուղղեն ինքնին ծափահարութենէն շատ աւելի հեռու: Մեր ծափահարութիւնը այլեւս անձայն է, սակայն նաեւ կ՛որոտայ:



