Վարձքերնիդ Կատար

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կեդրոնատեղին սովորականէն աւելի տարբեր եռուզեռի եւ խանդավառութեան մը մէջ էր եւ այդ խանդավառութիւնը գիւղին մէջ զգալի էր,  որովհետեւ ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան շաբաթն էր եւ այս մարդասիրական ազնիւ գործը, որ տարուէ տարի կը կրկնուէր, մտածել տուաւ, թէ որքանո՞վ մենք պատրաստ ենք մասնակցելու եւ մեր բաժինը բերելու:

Անշուշտ հանգանակութիւնը նիւթական օժանդակութիւն մըն է, երբ նուիրատուն կը հոգայ հայ ընտանիքի մը հիմնական կամ բժշկական պէտքերը, ինչպէս նաեւ` հայ մանուկի մը դպրոցականի նիւթական կարիքները: Հայ նուիրատուն սփիւռքեան այս ահաւոր պայմաններուն մէջ կը փորձէ իր պէտքերը կրճատելով` հոգալ եւ իր մասնակցութիւնը բերել կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու համար, հայապահպանման աւանդը պահելու սերունդէ սերունդ:

Այս առիթով կ՛ուզեմ քանի մը գաղափար բաժնեկցիլ: Նախ փառք կու տամ Աստուծոյ, որ առիթը տուած է մեզի փոփոխութիւն մը բերելու նոյնիսկ ամենափոքր լումայով:

Մեր վիրաւոր աշխարհը պէտք ունի դարմանումի, քաոսը, որ ստեղծուած է, յուսահատութիւնն ու աւերը, զորս կը տեսնենք այսօր, հետեւանք են ուծացման եւ օտարացումի, որ մարդիկ կը զգան թէ՛ իրարու հանդէպ եւ թէ՛ իրենց միջավայրին հանդէպ:

Կարեկցութիւնը կը սկսի նախ տունէն, ինչպէս անգլերէն առածը կ՛ըսէ` «Charity starts at home», երբ այս գիտակցութեամբ կը հոգանք մեր տան պէտքերը, մեր ընտանիքի անդամներուն հոգատարութիւնը, մեր կարողութիւնը ընկալելու զիրենք պատճառ կ՛ըլլայ դրական յարաբերութեան ստեղծման:

Նոյնն է պարագան, երբ այդ գիտակցութեամբ կը մօտենանք մեր շրջապատին` ձեռք երկարելով անձի մը, խումբի մը կամ նոյնիսկ որոշ միջավայրի կարիքի մը, մեր օգնութիւնը առաջարկելով, որ կրնայ ըլլալ ոչ թէ միայն նիւթական օժանդակութիւն, այլ երբեմն` բարոյական, օրինակ` համբերութիւն ցուցաբերելով, կարեկցութիւն շնորհելով, ժպտելով, զօրակցելով, քաջալերական խօսքերով, ժամանակ տրամադրելով եւ ասոնց ամենամեծ նուէրը պիտի ըլլայ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով, ինչ որ ԼՕԽ-ական ընկերուհիները ըրած են տարիներէ ի վեր եւ կ՛ընեն ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ մարդկային վսեմ արժէքներով:

Վարձքերնիդ կատար, սիրելի ընկերուհիներ:

Նաեւ վարձքերնիդ կատար, սիրելի ազգայիններ, որ ձեր գիտակցութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ մենք կը յարատեւենք այսօր: Դուք բարի օրինակ կ՛ըլլաք հայակերտման ազգային գիտակցութեամբ տոգորուած ապագայի հայ ազգին:

Կ՛ուզեմ մէջբերել երգիծաբան Իրմա Պոմպեքի մէկ խօսքը. «Մարդկութիւնը պէտք ունի սիրոյ, երբ նուազ արժանի է այդ սիրոյն»:

Ցուցաբերենք այդ սէրը եւ ապրինք զայն: Բնաւ չզբաղինք, թէ գաւաթին ո՛ր մասը կը տեսնենք, լեցո՞ւն, թէ՞ պարապ, այլ երախտապարտ ըլլանք, թէ գաւաթ մը ունինք եւ մէջը բան մը կայ եւ կրնանք, ինչո՞ւ չէ, նուիրել: Հպարտ եղիր, թէ որքան ճամբայ կտրած ես, հաւատք ունեցիր` դէպի ո՞ւր կ՛երթաս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES