Հացը

ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ

Ապրիլ ամիսը հասաւ, եւ դարձեալ ընթացքի մէջ մտաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի տարեկան հանգանակութիւնը, որուն հասոյթը իբրեւ «զհաց մեր հանապազորդ» պիտի հասնի մեր ազգակիցներուն «Պնակ մը կերակուր»-ի,  «Կրթանպաստի», «Դեղորայքի», «Բժշկական խնամքի», «Դաստիարակչականի» եւ բազում այլ ենթավերնագիրներու տակ: Պիտի հասնի վիշտեր ամոքելու, յոյս ներշնչելու եւ մանաւանդ համ եւ խորհուրդ տալու մեր հացին:

Հաց: Մանկութեան տարիներուս առողջ սննդականոնը` ճաշին հետ լաւ հաց ուտելն էր: Չտեսութեան համազօր մեղք էր առանց հացի ճաշ համտեսելն իսկ: Պնակին մէջ պէտք էր դնել այնքան ճաշ, որ անհրաժեշտ էր կշտանալու համար: Կարելի էր երկրորդել, բայց երբեք արտօնուած չէր ճաշի մնացորդ ձգել պնակին մէջ:

Տարբեր խորհուրդ ունէր հացը այդ տարիներուն: Սխալմամբ եթէ ձեռքէդ վար իյնար հացին կտորը, զայն քանի մը անգամ պէտք է համբուրէինք, դէպի ճակատ բարձրացնէինք` քաւելու համար անուշադրութեամբ գործուած մեղքը: Հացի փշրանքներն իսկ մեծ զգուշութեամբ կը հաւաքուէին, որովհետեւ անոնք ալ մաս կը կազմէին Աստուծոյ բարեհաճ օրհնութեան:

Ճաշատեսակներ ստեղծուած էին չոր հացն իսկ օգտագործելու համար: Ինչպէ՞ս կարելի էր հաց թափել: Երեխայ-մօրեղբայր մը մահացած էր տարագրութեան, անօթութենէն, հացի պատառիկ մը քիմքին: Ինչպէս կարելի էր անխնայ վերաբերում ունենալ հացին հանդէպ, երբ ուրիշներ կարօտ էին անոր: Հացը ե՛ւ պատմութիւն էր, ե՛ւ շրջապատի հետ համազգացողութիւն:

Ի չգոյէ հիմնադրամներու` կը շարունակէ Լիբանանահայ Օգնութեան խաչը տարեկան աւանդական իր հանգանակութիւնը` ժողովուրդէն հաւաքած փշրանքներով` ամբողջական հաց բաշխելու բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին նիւթական թէ հոգեկան բաւարարութեան: Հանգանակութեան իր նախաձեռնութեամբ` ան կը հաստատէ իր հաւատարմութիւնը` «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին համար» իր որդեգրած կարգախօսին, գործի կը լծէ հին եւ նոր անդամներ, որոնք իրա՛ւ գործով, գոց եւ բաց դռներու փորձառութեան ընդմէջէն` ծառայասիրութեան, վեհ նպատակի բաժնեկից դառնալու գոհունակութեամբ կը հարստանան: Նուիրատուներէն շատեր «Ապրիք»-ով պիտի պատուեն զիրենք, իսկ ուրիշներ հազարումէկ պատմութիւն պիտի պատմեն, որովհետեւ չեն գիտեր, չեն ապրած «տալու» բերկրանքը:

Ինչո՞ւ հացը տիրական ներկայութիւն չէ մեր կեանքին մէջ: Ինչո՞ւ կը հիանանք ճմռթկուած, աղբ թափուած թուղթերով, երբ նոր թուղթեր, իրեր կը պատրաստուին: Ինչո՞ւ չհիանանք ԼՕԽ-ի հանգանակութեամբ, հանգանակողներով, որոնք փշրանքով գիտեն հաց պատրաստել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES