Հանրային Կեանքի Առողջութեան Եւ Յաջողութեան Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Արհամարհանքի ամէն ձեւ, եթէ միջամտէ քաղաքականութեան
մէջ, կը պատրաստէ կամ կը հաստատէ ֆաշականութիւնը:

Ալպեր Քամիւ, ֆրանսացի գրող,
Գրականութեան Նոպէլեան դափնեկիր

Կ՛ըսեն, որ քաղաքականութիւնը բարոյականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի: Այս հաստատումը ճի՞շդ է, երբ ՄԱՐԴ-ն է  առաջադրանքներու իսկական առանցքը:

16-րդ դարու իմաստուն մը` Ռապըլէ, կ՛ըսէր, որ` «գիտութիւնը առանց խիղճի, այլ ոչինչ է հոգիի աւերէն»: Նոյնը կարելի է ըսել քաղաքականութեան համար: Առանց խիղճի, այսինքն` բարոյականի, քաղաքականութիւնը ոչ միայն աւեր է, այլ` աւերող: Անոր փաստը աղաղակող պատմութիւնն է:

Քաղաքականութիւնը հանրային կեանքի համակարգումի աշխատանք է, լաւ կամ վատ եղանակով: Հինէն ի վեր ան դարձած է իշխանութիւն, որ այլասերելով` դարձած է փառասիրութիւն եւ շահախնդրութիւն: Կը բաւէ հետեւիլ մամուլին, ուրկէ կ՛իմանանք այն, ինչ որ կը յայտնաբերուի միայն: Այդ զոյգին ընկերացող բացասականութիւններ ծնունդ առած են եւ հակառակ հոգեպարար ճառերու` բրտօրէն կը շարունակուին:

Հանրային կեանքի մէջ մարդկային յարաբերութիւնները, հինէն ի վեր, անհաւասարութեան վրայ հիմնուած են, որոնց վարժուած ենք, ժառանգած, վատութեամբ ընդունած, եւ պահ մը կանգ առնելով` չենք մտածեր, թէ ի՛նչ եղած են եւ են հետեւանքները: Ցարդ մեր ուշադրութիւնը բեւեռած ենք տնտեսական ազդակին վրայ, եւ պայքարները անոր շուրջ դարձած են: Ամուլ, ամլացնող տոնքիշոթեան, քանի որ նկատի չեն առնուած մարդկային եւ հոգեբանական ազդակները:

Իշխանութիւնները միշտ այլասերած են իրենք զիրենք եւ շրջապատը, ըմբոստացումները նոր բնականութիւն ստեղծելու առաջադրանքով հրապարակ եկած են, որ վերջին հաշուով, նոր փառասիրութիւններու (դրամական եւ երեւելիական) յագուրդ տալու միտումով գործած են` սպասելով, որ նոր ըմբոստացումներ գան: Եւ ժամանակը ինք իր վրայ շրջան կ՛ընէ: Կը բացակային այլասիրութիւնը, յարգանքը իր նմանին հանդէպ, որոնք արտայայտութիւններն են չխոստովանուող ախտաւոր արհամարհանքի: Հանրային կեանքի բոլոր մակարդակներուն եւ անոր առողջացման համար պիտի յանդգնի՞նք քննել եւ չէզոքացնել արհամարհանքը, որ շարժիչ ուժն է անհաւասարութիւններու, պատերազմներու եւ աւերներու, որոնց առանցքին կը գտնուի «ֆաշականութիւն»-ը, ներազգային եւ ազգամիջեան, քանի որ երկու մակարդակներուն ալ կայ արհամարհանքը:

Այդ արհամարհանքը կ՛աճի իշխանութեան ամրացման եւ ինքզինք պարտադրող ինքնանպատակ հեղինակութեան հետ (ուժի կամ դրամի վրայ հիմնուած), որ յաճախ կը թաքնուի նաեւ երեւութական համեստութիւն-զիջումի ետին: Իսկական հեղինակութիւնը ինքզինք պարտադրելու ախտէ զերծ է: Թագաւորական ժառանգական իշխանութիւնը, իշխանութեան դիրքերու վրայ յաւերժացումը, իշխանութեան ընկերացող ճոխութիւնը, պալատներէն մինչեւ թիկնապահները` արհամարհանք են ժողովուրդին նկատմամբ, նաեւ` ազգերու միջեւ: Այդպէս էին իտալական ֆաշականութիւնը, գերմանական նացիականութիւնը, սպանական ֆրանքիզմը, ստալինականութիւնը, որոնք թէական արժէքներու հպատակելով` մարդը կը դարձնէին արհամարհելի առարկայ: Այսինքն, արհամարհանքը ինքզինք սահմանելով եւ սրսկելով ընկերային կազմակերպութեան մէջ, քաղաքականութիւնը կ՛այլասերէ, զայն կը վերածէ ֆաշականութեան, նացիականութեան, ֆրանքիզմի, ստալինականութեան: Առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով` քիչ մը ամէն տեղ: Կը բաւէ հաւկուրութենէ չտառապիլ:

Քաղաքացին պէտք է տեսնէ այս իրականութիւնը: Իմաստուն եւ գիտական վերլուծումներ կատարուած են հասկնալու եւ բացատրելու համար տարբեր ձեւերով ֆաշականութիւնները: Ըսած են, որ անոնք պատմական արկած էին, ինչպէս` համայնավարութիւնը, բոլոր պարագաներուն ալ հաստատուած էր ամբողջատիրութիւն: Ինքնաքննադատութեան պիտակի տակ ըսուած էր, որ անոնք բարոյական եւ քաղաքակրթական տագնապ էին` ազատականութեան շրջանակին մէջ, կամ զանգուածներու կողմէ փորձ` դասական իտէալները նոր օրէնքներով եւ հորիզոններով փոխարինելու:

Ինչո՞ւ փոխարինել եւ ի՞նչ փոխարինել: Ինչպէ՞ս մարդիկ կրցած էին ազատութիւնները սահմանափակել եւ ինչպէ՞ս այդ ընդունած էին: Ընդունա՞ծ էին: Մենաշնորհներու պաշտպանութիւնը քաղքենիութիւնը առաջնորդած էր պետական կարգը վերածելու իշխանութեան աստուածացման, ինչպէս որ այդ եղած էր աստուածային իրաւունքով թագաւորներու պարագային, այսինքն` մարդոց մէկ մասին հանդէպ արհամարհանքի քաղաքականութեան, որ կարելի է կոչել գաղութարարութիւն, ամբողջատիրութիւն:

Այս վերաբերումը, իւրաքանչիւր ընկերային շերտի մէջ, նոյն հոգեբանական արմատները ունի, նուազ ցուցական ըլլալով հանդերձ: Հեռու չեն այն օրերը, երբ նախակրթարան աւարտող անձը չէր ուզեր սեւ գործ ընել, պէտք էր որ «շեֆ» ըլլար, քանի որ միւսներուն աշխատանքը ստորնացուցիչ էր, արհամարհելի: Իսկ այդ «շեֆ» ըլլալը կ՛ենթադրէ պերճանք` թագաւորական գահերէն մինչեւ ժողովրդավարական եղանակով ձեռք բերուած հանգամանքները:

Հոգեբանական այս արհամարհելու վերաբերումը ընկերութիւնը կրծող ախտ է, պատճառը` ընկերային, ներազգային եւ միջազգային բախումներու, որ իր ծաղրանկարային համեմատութիւններուն կը հասնի մակերեսային պերճանքի (կա՞յ պերճանք, որ մակերեսային չըլլայ), երբ մարդիկ ինքնահաստատման համար կը բնակին հսկայ ապարանքներու մէջ` առանց մտածելու, որ ուրիշներ իրենց գլխուն վրայ ծածկ չունին, կը ճամբորդեն օդանաւի առաջին կարգով, կը շրջագային երազելու մղող ինքնաշարժներով, թիկնապահներով, ծառաներով: Անհաւասարութիւնները կը մշակուին արհամարհանքի աղբիւսին վրայ: Այս ամբողջութիւնը արհամարհանք է բոլոր միւսներուն նկատմամբ:

Մարդկայնութենէ պարպուած մարդիկ միայն կրնան արհամարհել միւսը, որ սկզբունքով իրենց հաւասար է: Այս արհամարհանքը լծակն է ընկերային-քաղաքական կեանքի մէջ դրսեւորուող հակասութիւններուն:

Եթէ քաղաքացիական ընդդիմութիւն յառաջանայ ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, յարաբերութիւնները կ՛ունենան տարբեր որակ: Դիտա՞ծ էք բնաւ, հարուստ եւ զարգացած երկրի մը մէջ, մեծ պողոտայի մը եզերքը պնակ մը կերակուրի համար հերթի կանգնածները, կամ` շէնքի մը մուտքին, մայթի վրայ գիշերողները:

Ընկերութեան տականքները այդ խեղճերը չեն, այլ անոնք, որոնք յղփացածի իրենց հոգեբանութեամբ, արհամարհանքի առարկայ կը դարձնեն զանոնք` իրենց «հաւասարներ»-ը, որոնք այդպէս ալ չեն, քանի որ այդ հաւասարութիւնը արհամարհանքով կ՛ոտնակոխուի: Եւ այս ոտնակոխումը ֆաշականութիւն է, զոր յաղթահարելու համար նոր օրերու Կանտիներ պէտք են, որպէսզի Ալպեր Քամիւի իմաստութեամբ եղած սահմանումէն ներշնչուած ճակատ յարդարուի. «Արհամարհանքի ամէն ձեւ, եթէ միջամտէ քաղաքականութեան  մէջ, կը պատրաստէ կամ կը հաստատէ ֆաշականութիւնը»:

Յաճախ կը յիշեմ ուրիշ իմաստունի մը խօսքը (Ռընէ լը Սեն), որ կ՛ըսէր, թէ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Արհամարհանքի վարակը կ՛արգիլէ նման «անհեթեթութիւն»…

Մեծ հարցականի առջեւ կանգնած է մարդկութիւնը. ինչպէ՞ս մարդուն մէջ մեռցնել արհամարհանքի ախտը եւ արհամարհանքի (չ)ասպետները հեռացնել հրապարակէն: Ինչպէս մեռցնել անփոխարինելիութեան առասպելը, զոր կը մշակեն արհամարհողները:

Եւ եթէ տրամաբանելու յանդգնութեամբ դիտենք եւ դատենք ընկերաքաղաքական երեւոյթները, գործենք առանց խուսանաւելու, պիտի տեսնենք, որ գործուած եւ գործուող ցեղասպանութիւնները եւ հալածանքները պարզապէս արհամարհանքի եւ անոր հարազատ ծնունդ ֆաշականութեան հետեւանք են:

Եւ զարմանալի է, որ զոհերը, փշրանքներու համար, արհամարհողներու խումբին մէջ կ՛ուզեն խաղալ:

Մանրուքներէ եւ սնափառութիւններէ անդին քայլ առնելով, յաճախ պէտք է բարձրաձայն կրկնել Ալպեր Քամիւի ազնիւ եւ ազնուացնող մտածումը` որպէս նոր մարդու հաւատամք, որպէսզի հին ֆաշականութիւնը նոր շապիկով չվերադառնայ, նոյնիսկ` դրացիին բակը, քանի որ ոստումով մը ան կը հասնի մեզի:

Առնուազն փշրանքներու համար չգովերգենք թաքուն կամ իրաւ ֆաշականները, ո՛ւր որ ալ ծուարած ըլլան անոնք:

 

2 մարտ 2013, Նուազի-լը-Կրան

Share this Article
CATEGORIES