Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Առողջութեան Նպաստող Բժշկական Գիւտեր» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 10 ապրիլ 2013-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջութեան նպաստող բժշկական գիւտեր» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց տարրալուծարանի մասնագէտ Շաքէ Բարմաքսզեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ բժշկական մարզին մէջ, գիտնականներու աշխատանքով յայտնաբերուած տարբեր գիւտեր, արմատախիլ կ՛ընեն շարք մը հիւանդութիւններ, որոնք անցեալին` յատկապէս մանուկներուն քով, մահ կը պատճառէին, համաճարակային տարածումով կեանքեր կը հնձէին: Գիտնականներ շարունակելով գիւտերու ընթացքը տակաւին կ՛աշխատին բուժումներ գտնել շարք մը անբուժելի հիւանդութիւններու:

Տարրալուծարանի մասնագէտ Շաքէ Բարմաքսզեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, որ 20-րդ դարը եղաւ գիւտերու դար, զոր կարելի է կոչել բժշկագիտութեան «Ոսկեդարը»: 20-րդ դարը բժշկագիտական մարզին պարգեւեց բժիշկներ եւ կենսաբաններ, որոնք եղան նախահայրերը, ռահվիրաները ու հիմնադիրները նշանաւոր գիւտերու:

Դասախօսը յաջորդ բաժինով ներկայացուց բժշկագիտութեան մարզի շարք մը մասնագէտներ գիտնականներ:

1.- Լուի Փասթէօր: Այս գիտնականին գործունէութեան եւ աշխատանքին ծիրը մանրակենսաբանութիւնն է: Նախքան Փասթէօրը, գիտնականներ կը պնդէին, թէ մանրէները ինքնածին են, բայց Փասթէօր հաստատեց հակառակը, թէ մանրէները ինքնաբերաբար չեն յառաջանար, այլ պէտք է գոյութիւն ունենան կենսական համապատասխան պայմաններ: Շարունակելով ընթացքը` գիտնականը գլխաւորաբար երկու մարզերու մէջ իր գիւտերը ներկայացուց:

ա.- Բժշկագիտական.- Այս մարզին մէջ անոր կենսական դերը եղաւ պատուաստներու պատրաստութեան, օրինակ` շնախտի, քոլերայի: Կրցաւ յատնաբերել բազմաթիւ մանրէներ, օրինակ` թոքատապ պատճառող մանրէն:

բ.- Սննդագիտութեան մարզին մէջ ան ներկայացուց այն միջոցը, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կաթը մանրէներէ զերծ պահել` չկորսնցնելով իր ամբողջական յատկութիւնները: Այս ձեւով հականեխուած կաթը կը պարունակէ մանրէներ, որոնք համաշխարհային չափանիշներով ընդունելի են, ու կաթը կը մնայ թարմ: Դասախօսը ներկայացուց նաեւ այն միջոցները, որոնցմով կարելի է Փասթէօրի հաստատած միջոցներով կաթը մանրէներէ զրկելով թարմ պահել:

2.- Ալեքսանտր Ֆլեմինկ : Ան եղաւ յառաջատարը եւ գիտնականը «Փենիսելին»-ի մանրէի յայտնաբերման, եւ իրեն շնորհուեցաւ Նոպելեան մրցանակ: Ալեքսանտր Ֆլեմինկի մտածողութեան առանցքը կազմեց այն հաստատումը, որ մանրէ մը կրնայ չէզոքացնել այլ վնասակար մանրէ մը, որ կրնայ պատճառել մահացու հիւանդութիւններ:

Գիտնականը օգտագործելով վերոնշեալ մանրէներու յատկութիւնը պատահմամբ յայտնաբերեց «Փենիսիլիում Նոթաթում» բորբոսի մանրէասպան յատկութիւնը, որ հետագային կոչուեցաւ «Փենիսիլին» անթիպիոթիքը, որ հսկայ յեղաշրջում մը կատարեց այս մարզին մէջ:

3.- Ֆրանսացի Փիեռ եւ Մարի Քիւրի գիտնականներ: Մարի Քիւրի Նոպելեան մրցանակներ ստացաւ 1903 եւ 1911 թուականներուն յաջորդաբար: Այս զոյգ գիտնականները իրենց հետազօտութիւնները կատարեցին բնագիտութեան մարզին մէջ` յայտնաբերելով Ռատիոմը, փոլոնիոմը եւ իւրանիոմը: Այս նիւթերը օժտուած են շողարձակումի տարբեր յատկութիւններով: Այս յայտնաբերումները եւ անոնց օգտագործումը բժշկագիտական մարզերու, յատկապէս ռատիօ-թերափիին մէջ, յառաջխաղացք արձանագրեց քաղցկեղի եւ այլ հիւանդութիւններու բուժման մարզին մէջ:

4.- Ռոնդկեն: Գերմանացի գիտնականը, յայտնաբերելով ելեկտրամագնիսական շողերը, ճառագայթները, մեծապէս նպաստեց բժշկական մարզի շողանկարումի ճամբով տարբեր հիւանդութիւններու յայտնաբերման:

5.- Վերջին գիտնականը հայ ուսողագէտ, բժիշկ  Ռէյմոնտ Վահան Տամատեանն է, ծնած է 1936-ին` Նիւ Եորք, Միացեալ Նահանգներ: Հայ գիտնականը ստեղծած է «Էմ. Ար. Այ.» բժշկական ախտաճանաչման մեքենան` գլխաւորաբար զանազանելով քաղցկեղէ վարակուած բջիջները առողջ բջիջներէն:

Եզրակացնելով` տարրալուծարանի մասնագէտ Շաքէ Բարմաքսզեան նշեց, որ 21-րդ դարը իր շատ արագ զարգացող արհեստագիտական ընթացքով ծինային ու ժառանգական շարք մը հիւանդութիւններու ախտաճանաչման ու բուժման լուծումներ կը խոստանայ:

Աւարտին դասախօսը օրինակներով ու յաւելեալ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES