«Արեգ» Թատերախումբի Վերջին Փորձերը
Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին, հինգշաբթի, 18 ապրիլէն սկսեալ 4 ելոյթներով Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբը հանրութեան պիտի ներկայանայ «Սասունցի Դաւիթ» չափածոյ երաժշտական թատերախաղով` հետեւողութեամբ հայկական համանուն դիւցազներգութեան, հեղինակ, գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ` Ռոպերթ Առաքելեան:
Արդարեւ, դեկտեմբեր 2012-ին ծնողներու, թատերախումբի անդամներու եւ աշակերտներու ներկայութեամբ կատարուեցաւ դերաբաշխում, որմէ ետք խումբը սկսաւ իր փորձերուն:
Շուրջ 40 դերակատարներ կը մարմնաւորեն սասունցիներու եւ մսրայ-պալատականներու կերպարները: Սասունցի Դաւիթի դերով հանդէս կու գայ Կարէն Խիւտավերտեան, Ձենով Օհան` Սագօ Եագուպեան, պառաւ` Անժելինա Սարգիսեան, Մսրայ Մելիք` Սիմոն Տէրտէրեան, բարի մարդ` Հայկ Քէշիշեան, հրեշտակ` Աբիկ Արբաճեան: Ներկայացման կը միանան «Գայեանէ»-ի պարը եւ «Կարկաչ»-ի երգը:
«Արեգ»-ի դերակատարները անհամբեր են հանդիպելու հանդիսատեսին հետ, իսկ մենք վստահ ենք, որ սոյն ներկայացումը եւս պիտի գտնէ իր արժանի տեղը` «Արեգ»-ի նախորդ տարիներու խաղացանկի իրագործումներուն վրայ:

