«Ես Հայ Եմ, Թուրք Չեմ» Ռուս Հաղորդավարին Ըսաւ Արազ Օզպիլիս
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Քրասնոտարի Քուպանի միջնապահ Արազ Օզպիլիս ռուսական պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, երբ ռուս հաղորդավարը իրեն հարցուցած է, թէ արդեօք ճի՞շդ է, որ ինք ազգութեամբ թուրք է, սակայն ունի հայկական արմատներ, որ իր մանկութիւնը անցուցած է Հոլանտայի մէջ, ան ըսած է. «Ես հայ եմ, թուրք չեմ: Թէեւ ծնած եմ Թուրքիոյ մէջ, սակայն ես հայ եմ եւ բնակութիւն հաստատած եմ Հոլանտայի մէջ: Ես ազգութեամբ ինքզինքս միայն հայ կը նկատեմ»:
CATEGORIES Մարզական

