Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. Շաբաթ Օրուան Մրցումները` Ժամը 16:00-ին, Իսկ Կիրակի Օր` Ժամը 10:00-ին
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Ժամհուրի մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան մնացեալ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. շաբաթ, 13 ապրիլին տեղի ունենալիք մրցումները պիտի սկսին յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, իսկ կիրակի օր` ախոյեանութեան վերջին օրը, մրցումները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Բոլոր դասակարգերու մրցումներուն աւարտէն ետք, երեկոյեան ժամը 18:00-ին պիտի կատարուի մրցանակաբաշխութիւնը:
CATEGORIES Մարզական

