Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՖՐԱՆՍԱՅԻ մէջ արգելափակուած լիբանանցի Ժորժ Ապտալլայի ազատ արձակումը մերժելու ֆրանսական դատական իշխանութիւններուն որոշումին դէմ, երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ ֆրանսական դեսպանատան դիմաց:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ստորագրեց խորհրդարանին կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած բոլոր ժամկէտները մինչեւ 19 մայիս առկախելու իմաստով տրուած որոշումը եւ զայն փոխանցեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ խորհրդարանին կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած բոլոր ժամկէտները մինչեւ 19 մայիս առկախելու որոշումը հազար անգամ աւելի մեծ սխալ է, քան խորհրդարանի նստաշրջանին երկարաձգումը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:
ԱԶԵԶԻ մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներուն դատին զօրակցող, Շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ երէկ կարողութիւններ ունեցող այլ երկիրներէ, յատկապէս Իրանէն պահանջեց Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի ան ազատ արձակել տայ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Հըզպալլայէն պահանջեց վերջ տալ իր զինեալները Սուրիա գործուղելու քայլին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Ժըպրան Պասիլը դարձեալ նախարար նշանակելու համար պայման է, որ ան յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն չմասնակցի եւ ուժանիւթի նախարարութենէն հրաժարի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի քաղաքական ուղեգիծին յատուկ դպրոցը անատակ եւ անբարոյ պատասխանատուներ պատրաստած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Սամիր Ժսըր կոչ ուղղեց ապահովութեան բոլոր ուժերուն իրենց դերակատարութիւնը ստանձնելու` Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու եւ տիրող կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու առումով:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհ շեշտեց, որ Թրիփոլին լիբանանեան պետութեան հակակշիռէն դուրս է` աւելցնելով, որ այդ շրջանի ալեւի համայնքը թիրախ կը նկատուի:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը քաղաքական դժուար բազկամարտի փուլէ մը պիտի անցնի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Լիբանանը վատ կացութեան մէջ ձգել փափաքողը եւ երկրին մէջ անիշխանութիւն ստեղծել ուզողը սուրիական վարչակարգն է:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին:
Ըստ «Նահար» օրաթերթին, եկեղեցական աղբիւրներ կոչ ուղղած են երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, յաջորդ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը լուրջ դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու դէմ յանդիման պիտի չգտնուի:
ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ շարժումի անդամ քարոզիչ շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք հերքեց Լիբանանի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի, իսկ Սուրիոյ մէջ Քայիտայի գոյութիւնը:

