Մանսուր Ընդունեց Տերեք Փլամպլին
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց շրջանային տագնապալի իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիական տագնապին կապուած զարգացումներ:
Փլամպլի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յոյսով է, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները կը դադրին:
Փլամպլի յայտնեց, որ Մանսուրի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր եւ ընդգծած Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին պահպանումին կարեւորութիւնը:
«Սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ Լիբանանի կեցուածքը մեզի համար շատ կարեւոր է եւ միջազգային առումով մենք բարձր մակարդակի վրայ կը պահենք այդ մօտեցումը, որովհետեւ յաւելեալ զօրակցութեան եւ օժանդակութեան կարիքը ունինք», ըսաւ ան:
Փլամպլի աւելցուց, որ Մանսուր հեզասահ կերպով գործակցած է ՄԱԿ-ի պահանջներուն եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի պատկանող միջազգային կազմակերպութիւններուն դիմագրաւած հարցերուն վերաբերեալ:

