«Լիբանանի Մէջ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացումը Կարեւոր Է» Շեշտեց Ասիրի

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը հետզհետէ պիտի բարելաւուի եւ ուղղուի դէպի լաւատեսութիւն, յատկապէս Թամմամ Սալամի վարչապետ նշանակումէն ետք:

Ասիրի շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող յատկանիշներէն մէկն է:

Ասիրի ակնարկեց այն յայտարարութիւններուն, թէ Լիբանանի մէջ հսկայ տարածքներ կը վաճառուին սէուտցիներու` ըսելով, որ Լիբանանի ապահովական եւ քաղաքական ապակայունութիւնը կը մտահոգէ սէուտցի ներդրողները, հետեւաբար այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը չափազանցուած են:

Ասիրի ընդգծեց նաեւ, որ Ռիատ չէ արգիլած իր քաղաքացիներուն Լիբանան կատարելիք այցելութիւնները, սակայն ան պարզապէս զգուշացուցած է զանոնք` արձանագրուելիք ապահովական միջադէպերէն:

Ասիրի մաղթեց, որ ամրան մեծ թիւով սէուտցիներ Լիբանան այցելեն` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները աւելի մարդկային բնոյթ ունին եւ ոչ թէ դիւանագիտական կամ արարողակարգային:

Միւս կողմէ, Ասիրի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքներն ու այդ իմաստով Ռիատի կատարած մարդասիրական օժանդակութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES