Սաատ Հարիրի – Ռայի Պատրիարք Հանդիպում

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ նախանցեալ երեկոյեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի վարչապետ Թամմամ Սալամի կատարած այն յայտարարութիւններուն, որ Լիբանանի յաջորդ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպելու եւ կայացնելու կառավարութիւն մը:

Հարիրի նշեց, որ այս պարագային «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին մէջ կարեւորը ժողովուրդն է, որ կը փափաքի երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել: «Հետեւաբար, նկատի ունենալով, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին փոխարէն բոլորս համաձայնած ենք «Պաապտայի յայտարարութեան» շուրջ, ապա ինչո՞ւ այդ յայտարարութիւնը նկատի չենք ունենար կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ մօտիկ ապագային կատարուելիք հանդիպումի մը մասին ուղղուած հարցումին` Հարիրի ըսաւ, որ Հըզպալլա երկիրը բաղկացնող հիմնական կողմ մըն է եւ իրենք ազգային երկխօսութեան հետ ոչ մէկ հարց ունին, սակայն կը հաւատան շինիչ, անկեղծ եւ արդիւնաւէտ երկխօսութեան:

Հարիրի աւելցուց, որ մեծամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին մասին Մուսթաքպալ հոսանքին կեցուածքը սուր է, սակայն այդ առումով երկար խորհրդակցութիւններ կատարուած են դաշնակիցներուն հետ եւ բանակցելէ ետք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ, ընդունած է մեծամասնական եւ համամասնական դրութիւններուն վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը, որ ինքնին մեծ զիջում է:

Share this Article
CATEGORIES