Սննդագիտական Ճարտարարուեստի Ազգային Օրուան Առիթով Նախարար Սապունճեանի Խօսքը
Երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Պիել»-ի մէջ պաշտօնական բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ Սննդագիտական ճարտարարուեստի ազգային օրուան` «Հորեքա 2013 անունով»:
Այդ առիթով, հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ բարձր գնահատեց սննդագիտական ճարտարարուեստի մարզին առումով ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը, որուն շնորհիւ Լիբանանի մէջ սննդագիտական ճարտարարուեստը առողջ վիճակի մէջ կը գտնուի:
Նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ լիբանանեան խոհանոցը շատ հարուստ է, սակայն արտածուող սննդեղէնները սահմանափակ են, հետեւաբար ճիգ պէտք չէ խնայել, ինչպէս նաեւ պէտք է նորարարութիւններու դիմել սննդեղէնի այլ տեսակներ արտածելու իմաստով:
Ան աւելցուց, որ այդ մարզը աշխատանքի լայն դաշտ մը կը բանայ նաեւ լիբանանցիներուն համար եւ կը նպաստէ անգործութեան սահմանափակումին` լիբանանցին պահելով իր երկրին մէջ:

