Այն Թինէի Մէջ. «Խորհրդարանին Մէջ Պատահածը Քաղաքական Եւ Սահմանադրական Առումով Պէտք Չէր Արձանագրուէր» Շեշտեց Ուաէլ Ապու Ֆաուր
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ գործուղուած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ նախանցեալ օրուան պատահածը քաղաքական եւ սահմանադրական առումով պէտք չէր արձանագրուէր:
«Սակայն հակառակ անոր, մենք կը շարունակենք խորհրդարանի նախագահին հետ խորհրդակցիլ եւ յարաբերութիւնները շարունակել, ինչպէս նաեւ քաղաքական այլ ուժերու հետ գործակցիլ` համախոհութիւն գոյացնել կարենալու այսօր արծարծուած հարցերուն շուրջ: Կառավարութեան եւ ընտրական օրէնքին շուրջ պէտք է ազգային միասնականութիւն գոյացնել եւ ոչ ազգային գժտութիւն», ըսաւ ան:
Ապու Ֆաուր աւելցուց, որ խորհրդարանին մէջ տրուած որոշումին մասնակցած են այնպիսի ուժեր, որոնց հետ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը գրեթէ համախոհութիւն գոյացուցած էր:
Այս շրջագիծին մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարը, անդրադառնալով Մուսթաքպալ հոսանքին, յայտնած էր, որ նման դաշնակիցներ ունեցողը թշնամիի կարիք չունի:
Ժոմպլաթ աւելցուցած էր, որ ինք ամէն պարագայի իր յարաբերութիւնները կը պահէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններն ու ընտրական օրէնքին վերաբերող շարք մը հարցեր:


