Էխհորեսթ Եւ Ժամաա Իսլամիէ Կը Շնորհաւորեն Վարչապետ Սալամը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որ շնորհաւորեց վարչապետ Սալամը եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց կառավարութիւնը կազմելու իր պարտականութեան մէջ:
Էխհորեսթ մաղթեց, որ վարչապետ Սալամ կարենայ լուծում գտնել Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն` ողջունելով վարչապետին նկատմամբ բոլորին կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը եւ յոյս յայտնելով, որ այդ զօրակցութիւնը շարունակուի:
Սալամ ընդունեց նաեւ Ժամաա Իսլամիէի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ երեսփոխան Իմատ Հութ:
Շնորհաւորելէ ետք վարչապետ Սալամը` պատուիրակութիւնը մաղթեց, որ ան արագ կերպով կազմէ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի կացութիւնը բարելաւուի եւ լաւատեսութեան նոր հանգրուան մը սկսի:
Ժամաա Իսլամիէի կողմէ աւելի ուշ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Սալամ կը միտի կազմել ոչ ընդարձակ կառավարութիւն մը, որուն անդամները երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներ պիտի չըլլան:


