Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետ Սալամը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան նպատակով վերջինիս կատարած երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները եւ անոնց հիման վրայ նոր կառավարութիւն մը կազմելու ապագայ ուղղուածութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ իր աշխատանքը պիտի կեդրոնացնէ կառավարութեան կազմութեան վրայ` աւելցնելով, որ բոլոր շարժակները պիտի մարեն եւ կեդրոնանան այդ աշխատանքին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւ արդիւնքներով դուրս գալ:
«Մեր նպատակն է լիբանանցիներուն ձգտումներուն յարմար կառավարութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի այս դժուար հանգրուանին երկիրը հանգիստ ըլլայ», ըսաւ Սալամ` աւելցնելով, որ տարբեր լրատուամիջոցները պէտք է հանդուրժեն իր քանի մը օրուան լռութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ քննարկեց լիբանանեան Արսալ գիւղաքաղաքին, հիւսիսային Լիբանանի Տպապիէ շրջանին ու Քաուսարայի դէմ սուրիական ռմբակոծումին մանրամասնութիւնները եւ բանակի հրամանատարութենէն խնդրեց այդ մասին տեղեկագիրները փոխանցել արտաքին գործոց նախարարութեան:
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք իր կարգին այցելեց Պաապտա, ուր նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատիի հետ, որուն հետ քննարկեց բանտերուն վերաբերող շարք մը հարցեր:


