«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Յետաձգումը Հաւանական Է` Մինչեւ Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Ապահովող Արդար Օրէնքի Մը Մշակումը» Յայտնեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ խառն ընտրական օրէնքին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելը այդքան դիւրին պիտի չըլլայ` նշելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն մօտ կայ արդար ընտրական օրէնքի մը յանգելու եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները աւելի մօտիկ թուականի մը ընթացքին կատարելու պատրաստակամութիւնը:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ մէկ ամսուան ժամանակ կայ խորհրդակցելու, լուրջ աշխատանք տանելու եւ յանգելու համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւններուն հիման վրայ մշակուելիք ընտրական օրինագիծի մը, որուն մէջ կարեւորագոյնը պէտք է ըլլայ լիբանանեան բոլոր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան ապահովումը:
«Համեմատութիւններուն մասին պաշտօնական առաջարկներ չկան, սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ կարենանք քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովել: Եթէ համեմատութիւններուն մասին կ՛ուզենք խօսիլ, ապա ամէնէն կարեւորը կը մնայ ընտրաշրջաններուն բաժանումը, որուն հիման վրայ է, որ առողջ արդիւնքներ եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովուի», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ ոչ ոք խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը մէկ կամ երկու տարիով երկարաձգելու մասին կը խօսի, իսկ եթէ ամիս մը ետք կարելի չըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մը յանգիլ, ապա 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին եւ շատ հաւանաբար երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգուին, մինչեւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող արդար օրէնքի մը մշակումը:

