Հայաստանի Եւ Չեխիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում` Երեւանի Մէջ

Երէկ տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Չեխիոյ առաջին փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Քարել Շուարցենպերկի հանդիպումը:

Ողջունելով հիւրը` Էդուարդ Նալբանդեան գոհունակութեամբ նշեց, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Չեխիոյ միջեւ յարաբերութիւնները թեւակոխած են որակապէս նոր հանգրուան մը:  «Վերջին տարիներուն ընթացքին յաջողած ենք նաեւ զգալիօրէն ընդլայնել իրաւապայմանագրային դաշտը, ինչ որ յաւելեալ խթան հաղորդած է աշխուժօրէն զարգացող փոխադարձ գործակցութեան», ընդգծեց Էդուարդ Նալբանդեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար` Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ հայ-չեխական յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացը բաւական ակնառու է, ինչ որ կ՛արտայայտուի բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան պարբերական բնոյթով եւ միջխորհրդարանական աշխուժ յարաբերութիւններով` ընդգծելով, որ եկած է ժամանակը ուշադրութիւնը սեւեռելու տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման վրայ: Այս առումով երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին նախարար Շուարցենպերկի պատուիրակութեան կազմին մէջ չեխ գործարարներու ներկայութիւնը եւ Երեւանի մէջ հայ-չեխական գործարար համաժողովի կայացումը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան խորացման նպատակով ձեռնարկուելիք միացեալ քայլերը: Կարեւոր նկատուեցաւ տնտեսական մարզի իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը եւ մշակութային փոխանակումներու խթանումը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան եւ Փրակայի մէջ սկիզբ առած Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի արձանագրած յառաջընթացին, մասնաւորաբար աւարտական հանգրուան մտած Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ու Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման շուրջ բանակցութիւններուն:

Էդուարդ Նալբանդեանի չեխ գործընկերոջ ներկայացուց արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումները, այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը: Այս շրջագիծին մէջ Չեխիոյ առաջին փոխվարչապետը վերահաստատեց աջակցութիւնը տագնապին բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծման նպատակով իրականացուող քայլերուն:

Հանդիպման յաջորդեց միացեալ մամլոյ ասուլիս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES