Մեքսիքայի Մայրաքաղաքէն Հայտար Ալիեւի Արձանը Կ՛ուղարկուի Ազրպէյճան

«Մարմարա» կը գրէ. որ Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի արձանը, որ 2012-ի օգոստոսին զետեղուած էր Մեքսիքայի մայրաքաղաք Մեքսիքոյի կեդրոնական այգիներէն մէկուն մէջ եւ որուն զետեղման առնչութեամբ բողոքի մեծ ալիք մը բարձրացած էր երկրին մէջ, կազմաքանդուած էր յունուարի վերջաւորութեան, իսկ այժմ արձանը կը տեղափոխուի Ազրպէյճանի դեսպանատուն` հոնկէ Ազրպէյճան ղրկուելու համար:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Հայտար Ալիեւի արձանը Մեքսիքոյի մէջ կանգնեցնելու համար 5 միլիոն տոլար ծախսած էին` ստանձնելով այդ հեռաւոր երկրի մայրաքաղաքի երկու զբօսայգիներուն վերանորոգութիւնը: Արձանի զետեղումէն ետք, սակայն, տեղւոյն բնակչութիւնը բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած էր եւ պահանջած, որ Ալիեւի արձանը հանուէր կեդրոնական այգիէն, ուր զետեղուած էին ազգային հերոսներու արձանները, իսկ Ալիեւ ծանօթ էր իբրեւ հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու գտնուող բռնապետական երկրի մը բռնապետ նախագահը:

Հարցը լուծելու նպատակով հիմնուած էր յատուկ յանձնախումբ մը, որուն առաջարկով արձանը կազմաքանդուած էր եւ ղրկուած պահեստ:

Այժմ այնպէս կ՛երեւի, թէ Մեքսիքոյի քաղաքապետարանը որոշած է ընդհանրապէս «ձերբազատիլ» Հայտար Ալիեւէն: Արձանը ղրկուած է Մեքսիքոյի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատուն, ուրկէ ալ պիտի ուղարկուի Ազրպէյճան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES