Մինսքի Խմբակը Յառաջիկային Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում Պիտի Կազմակերպէ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով, Ժաք Ֆոր եւ Եան Քելի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք 18-22 մարտին եւ 1-6 ապրիլին շրջան կատարած իրենց այցելութեան մասին Վիեննայի մէջ զեկուցեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի դեսպաններուն:
Համանախագահները նշեցին, որ սահմանագիծին վրայ յարաբերական անդորր կը տիրէ, ինչ որ պայմանաւորուած է Նովրուզի ու Զատիկի տօներով: Անոնք յոյս յայտնեցին, որ ատիկա շարունակական բնոյթ ունենայ:
Համանախագահները ներկայացուցին 4 եւ 5 ապրիլին` երկու ուղղութիւններով սահմանի դիտարկման, ինչպէս նաեւ սահմանային գօտիի բնակիչներուն կեանքի որակին, ապահովութեան սպառնացող վերջին միջադէպերուն վերաբերեալ քննարկումներու արդիւնքները: Անոնք անգամ մը եւս նշեցին, որ համաձայն են խնդիրի լուծման խաղաղ հոլովոյթին:
Յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին համանախագահները մտադիր են կազմակերպել հանդիպում մը արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով` Արցախի տագնապի լուծման խաղաղ հոլովոյթը ընդլայնելու նպատակով:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները քննարկեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանի քաղաքացիական թռիչքներու հարցը:
Պաքու Կը Համաձայնի Մինսքի Խմբակի Առաջարկին
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտնեց, որ պաշտօնական Պաքուն համաձայնած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը կազմակերպելու` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջարկին:
Ըստ անոր, յաջորդ ամիս միջնորդները շրջան պիտի այցելեն:
«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Մամետեարով յայտնած է, որ համանախագահներուն շրջան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին որեւէ նոր առաջարկ չէ կատարուած` բացի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման կայացումէն:

