ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալն Ու Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ատամ Քոպերացքի երէկ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի հետ:

«Vesti.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ ղարաբաղեան հարցը: «Ս. Ապիեւ անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապի ձգձգման պատճառներուն եւ նշած, որ ՄԱԿ-ի չորս բանաձեւերը մինչեւ այսօր չեն գործադրուած, յիշեցուցած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի 20-ամեայ գործունէութիւնը որեւէ արդիւնք չէ տուած», ըսուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Բանակցութիւններուն ժամանակ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ստեփանակերտի օդակայանի հաւանական գործարկման: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը այս առնչութեամբ յայտարարած է, որ օդակայանէն թռիչքներ պիտի իրականացուին այն ժամանակ, երբ պատերազմական դրութիւնը չեղեալ յայտարարուի»: «Իսկ ատոր համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի զինեալ ստորաբաժանումները դուրս բերուին ազրպէյճանական տարածքներէն», ըսած է Ապիեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES