Յուշագիր` Հայաստանի Եւ Եւրասիական Տնտեսական Յանձնախումբին Միջեւ

Հայաստանի կառավարութեան եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբին միջեւ նախանցեալ երեկոյեան կնքուեցաւ փոխադարձ գործակցութեան յուշագիր: Փաստաթուղթը Երեւանի մէջ ստորագրած են Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Սարգսեան եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի անձնակազմի նախագահ Վիքթոր Խրիսթենքօ:

Նախքան յուշագիրի ստորագրումը, տեղի ունեցաւ Տիգրան Սարգսեանի հանդիպումը Վիքթոր Խրիսթենքոյի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ. հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ եւրասիական տնտեսական յանձնախումբին միջեւ համագործակցութեան հեռանկարներն ու ուղղութիւնները:

Խրիսթենքօ Սարգսեանին ներկայացուց Մաքսային միութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները, ձեռքբերումները եւ արդիւնքները, ինչպէս նաեւ իրաւապայմանագրային դաշտը:

Share this Article
CATEGORIES