Անդրադառնալով Մէյն Նահանգին Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան Ճանաչման «Այդ Քայլը Պիտի Վնասէ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Լուծման Հոլովոյթին» Կ՛ըսէ Մամետեարով

Էլմար Մամետեարով

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով` անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու Մէյն նահանգի օրէնսդիր մարմինին կողմէ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրման, յայտարարած է, որ «այդ քայլը պիտի վնասէ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին»:

«Ատիկա կրնայ միայն վնաս հասցնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Այդ բոլորին ետին կանգնած է Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը. անոնք կոչ կ՛ուղղեն ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, սակայն այդ մօտեցումը չի կրնար նպաստել տագնապի լուծման», ըսած է Մամետեարով եւ աւելցուցած. «Անոնք այդ ձեւով կ՛ուզեն տպաւորութիւն ստեղծել, թէ մէկը կ՛ուզէ ճանչնալ անկախութիւնը»:

Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու Մէյն Նահանգի Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը որդեգրեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, ինչպէս նաեւ դիմեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային եւ Քոնկրեսին` կոչ ուղղելով աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան «ինքնորոշման եւ ժողովրդավարական անկախութեան»:

 

Share this Article
CATEGORIES