Րաֆֆի Յովհաննէսեան Մեկնեցաւ Մոսկուա

Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ իր կնոջ եւ աւագ որդիին հետ մեկնեցաւ Մոսկուա:

Ժառանգութեան բանբեր Յովսէփ Խորշուդեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց, որ Յովհաննէսեան Մոսկուայի մէջ պիտի մնայ մէկ օր` մասնաւոր այցելութեամբ: Խորշուդեան չհերքեց, որ այցելութեան ընթացքին Յովհաննէսեան կրնայ պաշտօնական հանդիպումներ ունենալ:

18 փետրուարին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն ետք ասիկա Րաֆֆի Յովհաննէսեանի առաջին այցելութիւնն է Մոսկուա:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ի՞նչ նպատակով Յովհաննէսեան կը մեկնի Մոսկուա` Խորշուդեան յայտնեց, որ «այս պահուն մեկնաբանութիւններէն զերծ կը մնայ»:

Ժառանգութեան բանբերը նաեւ չյայտնեց, որ այցելութիւնը կապ ունի՞ յետընտրական իրադարձութիւններուն հետ, թէ՞ ոչ, սակայն վստահեցուց, որ Յովհաննէսեան այսօր Հայաստան պիտի վերադառնայ եւ պիտի մասնակցի Ազատութեան հրապարակին վրայ նախատեսուած հանրահաւաքին, որուն ընթացքին ծրագրային ելոյթ պիտի ունենայ:

Խորշուդեան մերժեց ըսել, թէ արդեօք Մոսկուա մեկնելու համար Րաֆֆի Յովհաննէսեան պաշտօնական հրաւէր ունեցա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Մինչդեռ Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան, անդրադառնալով Յովհաննէսեանի այցելութեան, յայտնեց, որ բնականաբար նախնական համաձայնութիւններ եղած են:

Պօղոսեան յայտնեց, թէ կ՛ողջունէ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի Մոսկուա մեկնելու որոշումը եւ յոյս ունի, որ այնտեղ ի նպաստ Հայաստանի համաձայնութիւններ ձեռք բերուին:

Մոսկուա երթալու իր մտադրութեան մասին Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնած էր 9 ապրիլի երեկոյեան Ազատութեան հրապարակին վրայ: Ան մասնաւորաբար յայտնած էր, որ պիտի երթայ Մոսկուա` «պարոն Փութինին հետ հանդիպելու եւ բերելու հայ ժողովուրդին յաղթանակը»:

Share this Article
CATEGORIES